ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ, հաւանաբար, պիտի չընդունի Իրանի վերջին առաջարկը, որով կը նախատեսուի բանալ Հորմուզի նեղուցը, իսկ միջուկային ծրագրի հարցը ձգել հետագայ բանակցութիւններու։ Այս մասին կը հաղորդէ The New York Times-ը՝ յղում ընելով քննարկումներէն տեղեակ քանի մը աղբիւրի։
Ըստ այդ աղբիւրներուն՝ նախագահ Թրամփ իր խորհրդականներուն ըսած է, թէ ինք գոհ չէ Իրանի վերջին առաջարկէն։ Աւելին, Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ քննարկումը կեդրոնացած է այն բանի վրայ, թէ ի՛նչ լրացուցիչ ռազմական գործողութիւններ պիտի պահանջուին՝ ստիպելու Թեհրանը զգալի զիջումներ ընելու բանակցութիւններուն մէջ։
CNN-ը, յղում կատարելով իրավիճակին ծանօթ իր աղբիւրներուն, նոյնպէս կը հաղորդէ, որ Թրամփ, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի չընդունի այն ծրագիրը, որ վերջին օրերուն ներկայացուած է ԱՄՆ-ին։
Աղբիւրներու համաձայն՝ նեղուցի բացումը՝ առանց հարստացուած ուրանի հարցը լուծելու, կրնայ զրկել ԱՄՆ-ը բանակցութիւններուն մէջ իր հիմնական լծակներէն։
Այնուամենայնիւ, իրանական նաւերու շրջափակման շարունակման պատճառով ուժանիւթերու գիներու աճը պիտի պահպանուի. այս արդէն յանգեցուցած է ԱՄՆ-ի մէջ պենզինի գինի կտրուկ աճի, կը նշէ հեռուստակայանը։
Reuters գործակալութեան աղբիւրները եւս յայտնած են, որ նախագահ Թրամփ «գոհ չէ» Իրանի վերջին առաջարկէն։
Wall Street Journal-ի աղբիւրներն ալ յայտնած են, որ Ուաշինկթընը, հաւանաբար, իր պատասխանը պիտի ներկայացնէ Թեհրանին «առաջիկայ օրերուն»։
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Իրանը միջնորդներուն ներկայացուցած է երեք փուլով ծրագիր, որու առաջին փուլը պիտի կեդրոնանայ պատերազմի դադրեցման, ինչպէս նաեւ Իրանի եւ Լիբանանի դէմ ռազմական գործողութիւններու չվերսկսման երաշխիքներու վրայ։ Երկրորդ փուլը պիտի կեդրոնանայ պատերազմի աւարտէն ետք Հորմուզի նեղուցի կառավարման հարցերու վրայ։ Առաջին երկու փուլերուն վերաբերեալ համաձայնութիւն ձեռք բերելէ ետք, երրորդ փուլին պիտի քննարկուի Իրանի միջուկային ծրագիրը։