Թուրքիոյ դեսպան Հիճապի Քըրլանկըչ կանչուած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն՝ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի՝ Իրանի հասցէին հնչեցուցած մեղադրանքներու պատճառով:
Այս մասին յայտնած է Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի թելեկրամեան ալիքը:
Ֆիտանն Al Jazeera-ին հարցազրոյցին Իրանէն պահանջած էր փոխել տարածաշրջանային քաղաքականութիւնը՝ ընդգծելով, որ «եթէ Իրանը չուզեր, որ մարդիկ քարեր նետեն իր վրայ, ինքն ալ պէտք է ատոնք ուրիշներու վրայ չնետէ»:
Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան Միջերկրական տարածաշրջանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի հարցերով գլխաւոր տնօրէնը, դիմելով թուրք դիւանագէտին, ընդգծած է.«Հաշուի առնելով մեր երկիրներու ընդհանուր շահերը եւ տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած բարդ իրավիճակը՝ անհրաժեշտ է խուսափիլ անհիմն յայտարարութիւններէ եւ անիրատեսական վերլուծութիւններէ, որոնք կրնան յանգեցնել երկկողմ յարաբերութիւններու մէջ տարաձայնութիւններու եւ լարուածութեան»։