Օրերս Թեհրանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է իրանահայ համայնքի յարգուած անդամներէն՝ Վարդան Դաւթեան։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։
Կը նշուի, որ Վարդան Դաւթեանի անունը անմիջականօրէն կապուած է Իրան-Իրաք պատերազմի ժամանակ զոհուած կամ գերի ինկած հայ զինուորներու ընտանիքներուն աջակցութիւն ցոյց բերելու առաքելութեան մէջ։
Դաւթեան ունեցած է լրագրողական աչքի ինկող ունակութիւններ եւ ան հանդէս եկած է հայերէն եւ պարսկերէն հրապարակումներով դառնալով մշտական աշխատակիցը Թեհրանի ՀՅԴ օրկան՝ «Ալիք»ին։
Աւելի ուշ ան գործած է նաեւ որպէս գործավար Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Խորհրդարանի հայազգի անդամներ Լեւոն Դաւթեանի եւ Վարդան Վարդանեանի գրասենեակներուն մէջ։
Ուշագրաւ է մանաւանդ Թեհրանի մէջ կազմուած ազգային-յեղափոխական երգեր կատարող «Փոթորիկ» խումբին մէջ Դաւթեանի բերած մասնակցութիւն ուր հանդէս եկած է, ոչ միայն որպէս կատարող այլ նաեւ մեկնաբանութիւններ ներկայացնող։
Թեհրանահայութեան համար թանկ եւ յարգուած անձնաւորութեան վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը տեղի ունեցած է օրերս Թեհրանի «Նոր Բուրաստան» գերեզմանատան մէջ։