Իրան-Ռուսիա-Ատրպէյճան համագործակցութեան եռակողմ փաստաթուղթը կարեւոր դեր կը խաղայ յարաբերութիւններու ընդլայնման գործին մէջ։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան առաջին փոխնախագահ Մուհամետ Մոխպէրը Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատովի հետ հանդիպման, կը հաղորդէ Mehr-ը։
Անոր խօսքով՝ փոխադրութեան ոլորտին մէջ երկկողմ յարաբերութիւններն ընդլայնելու լայն հնարաւորութիւններ կան, եւ Թեհրան հաստատակամ է Պաքուի հետ համագործակցութեան ամրապնդման հարցով։
Ան նշած է, որ երկկողմ առեւտուրի ծաւալներու մեծացմանն ուղղուած արտօնեալ առեւտուրի ընդլայնումն Իրանի ռազմավարութիւններէն մէկն է եւ կոչ ըրած է օգտագործելու Իրանի եւ Ատրպէյճանի առկայ հնարաւորութիւնները՝ առեւտուրի հետագայ ընդլայնման համար։
Առաջին փոխնախագահը յայտարարած է, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը Ատրպէյճանին «եղբայր» կը համարէ եւ պատրաստ է ընդլայնելու Պաքուի հետ բազմակողմ համագործակցութիւնը։ Ան նաեւ ընդգծած է, որ Իրանի հարեւաններու սահմանները կարմիր գիծեր են, եւ Թեհրանը այդ սահմաններու դէմ ուղղուած սպառնալիքները չընդունիր։