image

Թաիլանտի եւ Քամպոտիոյ միջեւ սահմանային բախումներ. կան զոհեր

Թաիլանտի եւ Քամպոտիոյ միջեւ սահմանային բախումներ. կան զոհեր

Թաիլանտի եւ Քամպոտիոյ միջեւ սահմանի վիճելի հատուածին մէջ բախումներ տեղի ունեցած են: Զոհուած է Թաիլանտի շուրջ տասը քաղաքացի, կան նաեւ վիրաւորներ:

Թաիլանտը փակած է Քամպոտիոյ հետ սահմանը՝ բոլոր քաղաքացիներուն կոչ ընելով հեռանալու սահմանամերձ գօտիէն: Ըստ տարածուած տեղեկութիւններու՝ Քամպոտիան հրթիռներ արձակած է թաիլանտական գիւղերէն մէկու վրայ, հարուած հասցուած է հիւանդանոցի, իսկ Թաիլանտն օդային հարուածներ հասցուցած է Քամպոտիոյ մէջ ռազմական թիրախներու:

Քամպոտիան իր հարեւանը մեղադրած է մեծ ուժ կիրառելու համար եւ ՄԱԿ-ին կոչ ըրած է Անվտանգութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ հրաւիրած է՝ բախումներուն վերջ դնելու համար: Կողմերու միջեւ վէճն ունի աւելի քան մէկ դարու պատմութիւն, երբ Ֆրանսայի կողմէ Քամպոտիոյ բռնագրաւումէն ետք սահմանագծում կատարուած է:

2008 թուականին լարուածութիւնը սրած է, երբ Քամպոտիան փորձած է վիճելի հատուածին մէջ գտնուող 11-րդ դարու տաճարը գրանցել որպէս ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան կառոյց: Տարիներու ընթացքին կողմերու միջեւ պարբերաբար բախումներ տեղի ունեցած են: Վերջին շաբաթներուն սահմանի երկայնքով մեծ թուով զօրքեր տեղակայուած են: