image

«Թագուհիին գործը անմահ է». Թագուհի Աթոքեանի յիշատակին

 «Թագուհիին  գործը անմահ է». Թագուհի Աթոքեանի յիշատակին

Պէյրութահայ կրթական մշակ, երկար տարիներու դասախօս Ազատուհի  Սիմոնեան կը գրէ՝ 

Սրտի ցաւով լսեցինք կեանքէն անակնկալօրէն բաժնուած մեր մօտիկ մտաւորական բարեկամուհիին Թագուհի Աթոքեանի մահուան լուրը։ Մնայուն կապի մէջ էինք իր հետ սակայն երբեք չէինք պատկերացներ նման արագ շիջում մը։ Հակառակ ամենադժուար պայմաններուն ան կը դիմադրէր քաջութեամբ եւ յոյսով էր պիտի կարենար իր ծրագիրները իրագործել։

Արաբերէնէ կատարած իր թարգմանութիւնները յատկապէս Մահմուտ Տարուիշի բանաստեղծութիւններուն զինք տեղաւորած էին տաղանդաւոր թարգմանիչի պատուանդանին։ Կ’ուզէր հրատարակել իր թարգմանական գրականութեան նուիրուած էջեր, որոնք հաստատապէս յաւելում մը պիտի նկատուէին մեր թարգմանական գրականութեան աւանդին վրայ։ Թագուհի կը տիրապետէր արեւմտահայերէնին եւ իր հայ գրողներու նուիրուած կենսագրական եւ գրականագիտական ուսումնասիրութիւններուն մէջ կը ցոլացնէր իր լեզուի իմացութինն ու անոր հարուստ ոճն ու բառապաշարը։

Թագուհի իր մշակուած արեւմտահայերէնը փոխանցեց Հալէպի հայ վարժարաններու ուսանողներուն դառնալով վաստակաւոր ուսուցիչ շատ երկար տարիներ ու նուիրեալ ծառայութեամբ։ Իր ուսանողները ամէն առիթով կ’արտայայտուին իրենց բազմահմուտ ուսուցչուհիին մասին երախտագիտութեամբ եւ խորունկ գնահատանքով։ Թագուհի բացի իր ուսուցչական վաստակէն ունեցած է աշխոյժ հասարակական կեանք յատկապէս Ուրֆայի Վերածնունդ կազմակերպութեան մէջ իր եղբոր փայլուն մտաւորական

եւ Անգլերէն լեզուի անկրկնելի ուսուցիչ Աթոքեանի եւ տաղանդաւոր բանաստեղծ եւ հալէպահայութեան մշակութային կեանքին սիրտը հանդիսացող հասարակական գործիչ Տօքթ.Գէորգ Թէմիզեանի հետ։

Թագուհիի աշխատանքներուն մէջ յատուկ ուշադրութեան արժանի են հայոց լեզուի քերականութեան, ուղղագրութեան եւ այլ լեզուագիտական խնդիրներու.նուիրուած ուսումնասիրութիւնները։ Իրեն կը դիմէին մարդիկ իր հեղինակաւոր կարծիքը ունենալու համար հայոց լեզուի հետ կապուած վիճելի հարցերու նկատմամբ։ Հայոց պատմութեան քաջատեղեակ յաճախ դիմատետրի իր էջը կ’օգտագործէր կարեւոր պատմական իրադարձութիւններու անդրադառնալով ու անոնց հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ ունեցած ճակատագրական դերը մեկնաբանելով։

Եթէ Թագուհին իր ուսուցչական ծառայութենէն հանգստեան կոչուելէ ետք ունենար աւելի լաւ պայմաններ եւ առողջական յարաբերաբար աւելի կայուն վիճակ ան կրնար ունենալ ստեղծագործական առաւել եռուն կեանք։ Շատ փափաքելի պիտի ըլլար հրատարակութիւնը իր բանասիրական եւ թարգմանական գործերուն ինչպէս նաեւ իր կեանքին, ուսուցչական վաստակին եւ գործունէութեան նուիրուած հատորի մը լոյս ընծայման։ Թագուհիի գործը անմահ է եւ իր յիշատակը անթառամ բոլոր անոնց համար որոնք զինք ճանչցան մօտէն։