image

Տեղի ունեցած է «Արծիւ գործընկեր-2024» հայ-ամերիկեան համատեղ զօրավարժութեան փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը

Տեղի ունեցած է «Արծիւ գործընկեր-2024» հայ-ամերիկեան համատեղ զօրավարժութեան փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը

Յուլիս 24-ին տեղի ունեցած է միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններուն մասնակցութեան նախապատրաստման շրջածիրէն ներս յուլիս 15-24-ը Հայաստանի մէջ կայացած «Արծիւ գործընկեր-2024» հայ-ամերիկեան համատեղ զօրավարժութեան փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը։

Այս մասին տեղեկացուցած են ՀՀ ՊՆ-էն:

Ղեկավար կազմը շնորհակալութիւն յայտնած է անձնակազմին՝ արդիւնաւէտ փոխգործակցութեան, համատեղ վարժանքներու յաջող իրականացման եւ փորձի փոխանակման համար։