image

Ճօրճ Բարսեղեանը .. Բժիշկ, բարեկամ ու լաւ ընկեր

Ճօրճ Բարսեղեանը .. Բժիշկ,  բարեկամ  ու լաւ ընկեր

Սագօ Արեան կը գրէ՝

Ճիշդ չեմ յիշեր թուականը, բայց լաւ կը յիշեմ այն պահը, երբ առաջին անգամ լսեցի Սուրիահայ բժիշկ Ճօրճ Բարսեղեանին մասին։

Ա.Թ.ն էր պատմողը, որ «գիտես, ՆԲԿ-ին մէջ կարող բժիշկ մը կայ, հոն գնայ մէյ մը թող նայի...»

Ու այդպէս ալ ըրի, չնայած անոր, որ իմ հարազատներէս մին բաւական լուրջ հարցադրումներ տուող իրավիճակով մը հասած էր այդ հիւանդանոցը ու դարձեալ հանդիպած էր բժիշկին։

Եւ ուշագրաւն այն էր այս բոլորին մէջ, որ հակառակ ընդհանուր բժիշկ ըլլալու հանգամանքին բժիշկ Ճօրճը բոլորին կողմէ փնտռուած, բոլորին համար պատրաստ ու բոլորին համար «դեղ ու դարման» ճարող բժիշկ է։

Այս բոլորը գրելուս պատճառն այն է, որ Ճօրճ Բարսեղեանը այս օրերուն ստացած է «Համազգային վստահութեան» «Տարվա թերապևտ » կոչումը, որ իրեն շնորհուած է յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին Երեւանի մէջ։

Մրցանակները, կոչումները, տիտղոսները մէկ կողմ, ու մարդուս տեսակը այլ կողմ։

Այն իմաստով որ մարդս կրնայ հարիւր հատ վկայական ունենալ, սակայն հասարակութեան, շրջապատի ու մարդոց հետ շփուելու խնդիր ունենալ։

Ու այս մտքին հետ աւելի քան բարացուցական է Ճօրճին, մեր բոլորին սիրելի Տօքթոր Ճօրճին պարագան։

Ան կրնայ տուեալ պարագայի մը, հիւանդի մը նուրբ խնդիրներուն, հարցերուն ու հարցումներուն ճարն ու ճարակը չունենալ , բայց կրնայ ոգի եւ շունչ տալ ...։

Բժիշկները բարդ դրութեան աշխատողներ են, դժուար է անոնց գործը, որ միայն գործ չէ, այլ է առաքելութիւն ու այդ առումով ալ անոնց երեսները ծուռ, ու հայացքն ալ կասկածոտ ու սրտնեղած կ՚ըլլայ...

Յոգնութիւն, դժուարութիւն, բարդ իրավիճակներ ու անգամ կորուստներ. Այս բոլորը կան, այս բոլորը մեր հետ են ու այս բոլորը կ՚ազդեն մեզ բուժող բժիշկներուն հոգիին ու սրտին վրայ։

Ու անոնք այդ կերպ կը դառնան «դժգոհ կարապներ», ջերմութենէ զրկուած, մարդկայնութիւնը տեղ մը «լաւ բարեկամիս համար կ՚ընեմ միայն»ով փոխարինած մեծ հաշուով դժգոհ մարդիկ։

Այ աս էր կարեւորը, որ ըսի, որովհետեւ իմ ու մեր սիրելի տօքթ. Ճօրճը այդ յատկանիշը վաղուց «ոչնչացուցած» է։

Նախ մարդ է յետոյ բժիշկ, նախ ընկեր է բոլորին, յետոյ բուժող ու գիտակ, նախ եղբայր է ու հարազատ, յետոյ միայն մասնագէտ ու «ցաւակալող»։

Ու ինչքան ուրախ ու երախտապարտ եմ, որ իր այս բարձր յատկանիշները, այս գիծերն ու նկարագրային տիպերը այլոց կողմէ ալ նկատուած է ու ան այսօր արժանիօրէն դարձած է ընթացիկ «2021 տարուան բժիշկը»։

Անոր ժպիտն անպակաս ըլլայ մեզմէ ու աւելի քան ապահով եմ, որ նոյն ոգիով պիտի շարունակէ իր սուրբ գործը։

Մեր մարմնէն աւելի, մեր հոգիները բալասանի պէտք ունին, պէտք ունի ժպիտի, բարութեան եւ եղբայրութեան։

Տօքթ. Ճօրճը ամէն օր, տիւ եւ գիշեր այդ «բարութեան Հայաստան»ը կերտելու կ՚աշխատի, իր ոգիին մէջ արեւմտահայոց հին-նոր վեհութիւնը, ու հիւրընկալ ու քաջ Դամասկոսի երգն ու երազը։

Երախտապարտ եմ իմ լաւ ընկեր, Տօքթ. Ճօրճ, երախտապարտ եմ ընկերութեանդ համար, մեր հետ ըլլալուդ համար եւ միշտ ալ «ներկայ եմ» ըսելուդ համար։

Շատ ապրիս բարեկամս։

 

Նիւթը՝  Սագօ  Արեան Լրագրողի էջ-էն