image
Հրատապ լուրեր:

Ճնշում բանեցնել Ատրպէյճանի վրայ. ՀՅԴ Բիւրօ

Ճնշում բանեցնել Ատրպէյճանի վրայ. ՀՅԴ Բիւրօ

ՀՅԴ Բիւրոն խստօրէն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի կողմէ ձերբակալութիւնը Արցախի նախկին եւ ներկայ պետական այրերու, որոնց մէջ է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեանը։

21-րդ դարուն ամբողջ մարդկութեան, մեծապետական երկիրներու եւ միջազգային այսպէս կոչուած մարդու իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւններու աչքին առջեւ, Արցախի մէջ տեղի կ՛ունենայ ցեղասպանութիւն եւ ամբողջ ժողովուրդ մը կը հայրենազրկուի։

Դաւադիր պայմանաւորուածութիւններու ու լուռ համաձայնութիւններու պայմաններուն մէջ Ազրպէյճանի յանցաւոր վարչակարգը կը փորձէ Արցախի Հանրապետութեան կազմալուծման եւ արցախահայութեան հայրենազրկման գործընթացը անշրջելի դարձնել։ Այս պարունակին մէջ Արցախի գործող եւ նախկին քաղաքական եւ ռազմական ղեկավարութեան շարք մը ներկայացուցիչներու գերեվարումը եւ կեղծ մեղադրանքներով կալանաւորումը հերթական աղաղակող ապօրինութիւնն է եւ հեռու գացող նպատակներ ունի։

Այս հարցը ոչ միայն քաղաքական, այլ նաեւ ազգային նշանակութիւն ունեցող եւ արժանապատուութեան հարց է։ Իրաւական գործիքակազմերը կարեւոր, բայց բաւարար չեն գերեվարուած գործիչներու ազատ արձակման համար։

Առաջին հերթին Հայաստանի Հանրապետութեան պատկան մարմինները, բայց նաեւ ամբողջ աշխարհի ազդեցիկ հայկական շրջանակները պէտք է գործադրեն քաղաքական եւ դիւանագիտական բոլոր հնարաւորութիւնները՝ Ազրպէյճանի վրայ ճնշում բանեցնելու համար։

Ալիեւեան վարչակարգի յանցաւոր գործունէութիւնը, ուժի եւ ուժի կիրարկման սպառնալիքով ցեղային զտումներու ցեղասպանական քաղաքականութիւնը չի կրնար եւ պէտք չէ անհետեւանք ու անպատիժ մնայ։

 

ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ

4 Հոկտեմբեր 2023