Միջազգային Freedom House իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը կոչ ըրած է Ատրպէյճանին թոյլ տալու Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին կենսական մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերել Արցախին եւ անյապաղ աշխատանքի անցնիլ՝ բանալով Լաչինի միջանցքն ու ապահովելով տեղաշարժի ազատութիւնը՝ երաշխաւորելով անհատներու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռերու անխոչընդոտ տեղաշարժը: Կազմակերպութիւնը այս մասին գրած է իր թուիթըրեան էջին:
«Տարածաշրջանին մէջ վատթարացող մարդասիրական իրավիճակը խաղաղ բնակիչները զրկած է կեանքը փրկող դեղամիջոցներէ եւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներէ: Կը դիմենք ժողովրդավարական կառավարութիւններուն, որ ճնշում գործադրեն Ատրպէյճանի վրայ՝ կոչ ընելով վերջ տալու անմեղ քաղաքացիներու կանխամտածուած սովամահութեան», - գրած է Freedom House-ը: