image

Եւրոպական խորհրդարանի գերմանացի պատգամաւորէն կոչ ՝ «Ճնշում բանեցնել Ատրպէյճանի վրայ»

Եւրոպական խորհրդարանի գերմանացի պատգամաւորէն կոչ ՝ «Ճնշում բանեցնել Ատրպէյճանի վրայ»

Եւրոպական խորհրդարանի գերմանացի պատգամաւոր Լարս Փաթրիք Պըրկը Գերմանիոյ կառավարութեան եւ Եւրոպական Միութեան կոչ ըրած է ճնշում գործադրելու Ատրպէյճանի վրայ Լաչինի միջանցքի արգելափակումը դադարեցնելու եւ իրավիճակի սրում թոյլ չտալու համար։ Լարս Փաթրիք Պըրկն այդ մասին գրած է «Թուիթըր»-ի իր էջին։

«Լաչինի միջանցքը պէտք է բացուի։ Այն, որ անգամ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի մարդասիրական օգնութիւնը ներկայիս Հայաստանէն Լեռնային Ղարաբաղ չի հասնիր, միանգամայն անընդունելի իրավիճակ է։ Դաշնային կառավարութիւնը եւ Եւրոմիութեան յանձնաժողովը պէտք է ճնշում գործադրեն Ատրպէյճանի վրայ, որ իրավիճակը աւելի չսրուի»,- գրած է Պըրկը։