Հնդկաստանի կողմէ Փաքիստանի մէջ գտնուող թիրախներուն հասցուած հարուածներէն ետք վերանայուած է Ճամուի եւ Քաշմիրի նահանգի մէջ անվտանգային իրավիճակը, եւ որոշում է ընդունուած է քանի մը խոցելի շրջաններէ բնակիչները տարհանել աւելի անվտանգ վայրեր։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին հաղորդած է The Indian Express պարբերականը։
Ճամուի եւ Քաշմիրի նահանգապետ Մանոիճ Սինհան յայտարարած է, որ անձամբ կը հետեւի իրավիճակին, եւ որ իր վարչակազմը պատրաստ է որեւէ զարգացման։
«Մենք պիտի ապահովենք իւրաքանչիւր քաղաքացիի անվտանգութիւնը», -յայտնած է ան։
Հնդկաստանը վաղ առաւօտեան հրթիռային հարուածներ հասցուցած է Փաքիստանի մէջ գտնուող ինը թիրախի՝ նշելով, որ ատոնք ահաբեկչական գործունէութեան կեդրոն կը հանդիսանային։
Ըստ The Indian Express-ի՝ խաղաղ բնակչութեան շրջանին զոհերը եւ վիրաւորները գրացուած են հիմնական Ճամուի եւ Քաշմիրի նահանգի Փունչի հատուածին մէջ, երբ փաքիստանեան ուժերը հրետանային արկեր արձակած են վերահսկողութեան գիծէն այն կողմ։ Հարուածներէն վնասուած են մեծաթիւ տուներ, առաջացած են հրդեհներ, հարիւրաւոր բնակիչներ ստիպուած եղած են փախիլ աւելի ապահով հատուածներ։