image
Հրատապ լուրեր:

Տահէշ նոր սպառնալիքներով հանդէս կու գայ «Պիտի սպաննենք Լիբանանի քրիստոնեաները»

Տահէշ նոր սպառնալիքներով հանդէս կու գայ «Պիտի սպաննենք Լիբանանի  քրիստոնեաները»

Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորումը նոր հաղորդագրութիւններ հրապարակած  է յայտարարելով, թէ «պիտի սպաննենք  Լիբանանի քրիստոնեաները եւ ստիպենք   անոնց, որ լքեն  իրենց ապրած  շրջանները»:  Այս  մասին այսօր գրած է «Ալ Ախպար» թերթը, որ նաեւ  կը փոխանցէ, թէ Ռաքքայի մէջ տեղակայուած   Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման ղեկավարութիւնը  նպատակ ունի ահաբեկչական  աղմկահարոյց  գործողութիւններ  կատարելով  մեծ  տագնապ   ստեղծել   Լիբանանի, մասնաւորապէս քրիստոնէական  շրջաններուն  մէջ: Աղբիւրը նոյնպէս  կը հաղորդէ, որ Տահէշի հիմնական  թիրախ կը համարուի  երկրի տիւրզի համայնքի   առաջնորդ երեսփոխան եւ  «Ընկերվար յառաջդիմական» կուսակցութեան առաջնորդ   երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը: Նշենք, որ այս առաջին   անգամը չէ, որ  Տահէշ   նման  սպառնալիքներով հանդէս կու գայ:   Մօտիկ անցեալին (Մարտ 2016) Տահէշ  նոյնանման  սպառնալիքներով   հանդէս գալով  հրապարակած էր տեսանիւթ մը: