image

Տ. Կորիւն քհնյ. Ֆէնէրճեան վարակուած է «Քորոնա»ով. Պոլսոյ Պատրիարքարանը առկախած է բոլոր արարողութիւնները

Տ. Կորիւն քհնյ.  Ֆէնէրճեան   վարակուած  է «Քորոնա»ով.  Պոլսոյ Պատրիարքարանը  առկախած է  բոլոր  արարողութիւնները

Տ. Կորիւն քհնյ.  Ֆէնէրճեան   վարակուած  է «Քորոնա»ով։ Այս  մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ   Պոլսոյ  իր աղբիւրէն։

Կը  նշուի նաեւ,  որ   քահանայ  հօր վարակման  հետեւանքով պատրիարքարանը  առկախած է  Վարդանանց Տօնին կապուած եւ այսօր  նախատեսուած  բոլոր արարողութիւնները,  իսկ  պատրիարքարանին  մէջ  գործող    բոլոր  միաբան հայրերը (ներառեալ Տ. Սահակ  Պատրիարքը)  վաղը՝  ուրբաթ օր պիտի  ուղղուին Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոց՝   «Քովիտ»ի  քննութիւն  անցընելու  համար։ Ինչ կը վերաբերի  քահանայ  հօր առողջական վիճակին, ապա   մեզի մօտիկ աղբիւրներ հաղորդեցին, որ    Տ. Կորիւն   քահանան      բուժման  փուլ մը պիտի բոլորէն  իր տան մէջ, հետեւելով    բժիշկներու խորհրդատւութեանց։