Պոլսոյ մէջ ոգեկոչուած է 19 տարի առաջ «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրատան առջեւ սպաննուած լրագրող ու հրապարակախօս Հրանդ Տինքի նահատակութեան 19-րդ տարելիցը։
Չնայած ձիւնին՝ հազարաւոր մարդիկ հաւաքուած են Շիշլիի Սեբատ շէնքի առջեւ՝ յիշատակելու «Ակօս»-ի նախկին խմբագիրը։
Ելոյթներու ընդմիջումներուն հնչած է հայկական երաժշտութիւն։
