Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանի փափաքով, Էծմիածին Մայր Աթոռի միաբաններէն՝ Տ. Գաբրիէլ Վրդ. Սարգիսեան կոչուած է նոր ծառայութեան։
Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք Դամասկոսի Թեմի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Դամասկոս Ժամանեց Տ. Գաբրիէլ Վրդ. Սարգիսեանը Հովուական ծառայութեան:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, ընդառաջելով Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանի խնդրանքին, Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնի միաբաններէն՝ Հոգշ. Տ. Գաբրիէլ Վրդ. Սարգիսեանը նշանակած է Դամասկոսի Թեմէն ներս հոգեւոր ծառայութեան:
Այսու ուրախութեամբ կը յայտնենք, թէ Շաբաթ, 9 Հոկտեմբեր 2021-ին, Տ. Գաբրիէլ Վարդապետը ժամանեց Դամասկոս:
Հոգեշնորհ Հայր Սուրբին կը մաղթենք բարի գալուստ եւ արդիւնաւոր ծառայութիւն: