image
Հրատապ լուրեր:

Տ. Գաբրիէլ Վրդ. Սարգիսեանը հոգեւոր հովիւ՝ Դամասկոսի մէջ

Տ. Գաբրիէլ Վրդ. Սարգիսեանը հոգեւոր հովիւ՝ Դամասկոսի մէջ

Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանի   փափաքով,  Էծմիածին Մայր Աթոռի  միաբաններէն՝ Տ. Գաբրիէլ Վրդ. Սարգիսեան կոչուած է նոր ծառայութեան։

Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք Դամասկոսի Թեմի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝ 

Դամասկոս Ժամանեց Տ. Գաբրիէլ Վրդ. Սարգիսեանը Հովուական ծառայութեան:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, ընդառաջելով Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանի խնդրանքին, Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնի միաբաններէն՝ Հոգշ. Տ. Գաբրիէլ Վրդ. Սարգիսեանը նշանակած է Դամասկոսի Թեմէն ներս հոգեւոր ծառայութեան:

Այսու ուրախութեամբ կը յայտնենք, թէ Շաբաթ, 9 Հոկտեմբեր 2021-ին, Տ. Գաբրիէլ Վարդապետը ժամանեց Դամասկոս:

Հոգեշնորհ Հայր Սուրբին կը մաղթենք բարի գալուստ եւ արդիւնաւոր ծառայութիւն: