image

Սուրիոյ ընդդիմադիր շրջաններուն մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու դէմ՝ Ռուսական «Վեթօ» դրուած է

Սուրիոյ ընդդիմադիր շրջաններուն մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու դէմ՝ Ռուսական «Վեթօ» դրուած է

Ռուսիան ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ վեթօ դրած է Զուիցերիոյ եւ Պրազիլիոյ բանաձեւի նախագիծին վրայ, որով կ'առաջարկուի 9 ամիսով երկարաձգել Թուրքիոյ տարածքով Սուրիա մարդասիրական օգնութեան անդրսահմանային առաքման մեխանիզմը։ Այս մասին յայտնած է «Ռիա Նովոսթի»-ի թղթակիցը։

Չինաստանը ձեռնպահ մնացած է քուէարկութենէն։

Սուրիա-թրքական սահմանի Պապ ալ-Հաուա սահմանային անցակէտով Սուրիա մարդասիրական օգնութեան անդրսահմանային առաքման մեխանիզմի ժամկէտը սպառած է 10 յուլիսին։ Բանաձեւի նախագիծին մէջ ըսուած էր, որ Անվտանգութեան խորհուրդը որոշած է երկարաձգել Պապ ալ-Հաուա անցակէտի գործունէութիւնը «ինն ամիսով, այսինքն՝ մինչեւ 2024 թուականի 10 ապրիլը»։

Մինչդեռ Ռուսիան ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին ներկայացուցած է բանաձեւի իր նախագիծը, որով կ'առաջարկէ 6 ամիսով երկարաձգել այս սահմանային անցակէտի աշխատանքը։

Հարեւան երկիրներէն (հիմնական Թուրքիոյ հետ սահմանով) մարդասիրական եւ բժշկական պարագաներու պարզեցուած առաքման ռեժիմը կը գործէ 2014 թուականէն։ Այս մեխանիզմը կը թարմացուի ամէն տարի։ ՄԱԿ-ի մարդասիրական գործակալութիւններն ու անոնց գործընկերները սկիզբը իրաւունք ունէին օգտագործելու երթուղիներ առճակատման գիծերով ու չորս սահմանային անցակէտերով՝ Պապ ալ-Սալամ եւ Պապ ալ-Հաուա (երկուքն ալ՝ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ սահմանին), Ալ-Եարուպիյէ (Իրաքի հետ սահմանին) եւ «Ալ Ռամթա» (Յորդանանի հետ սահմանին):