image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ մէջ հայ զոհերու թիւը հասաւ 4-ի

Սուրիոյ մէջ հայ զոհերու թիւը հասաւ 4-ի

Սուրիոյ աւերիչ երկրաշարժի հետեւանքով զոհուած հայերու թիւը հասած է 4-ի։ Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցին յայնած է Սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակի ռազմավարութիւններու մշակման բաժնի պետ Յովհաննէս Ալեքսանեանը։

«Զոհերի տուեալները ճշդւում են»,- նշած է ան։

Զոհերու թիւը Սուրիոյ մէջ հասած է 237-ի, իսկ Թուրքիոյ մէջ՝ 284-ի:

Հալէպի մէջ զոհուած են հալէպահայեր մայր եւ որդի Միրնա եւ Ալպեր Թէնքէճեանները։ Անոնք «Ազիզիյէ» հայաշատ շրջանի բնակավայրէն էին։