image

Սուրիոյ մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայանը հարուածի տակ

Սուրիոյ մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայանը հարուածի տակ

Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը գտնուող ամերիկեան ռազմակայանը այսօր առաւօտեան ենթարկուած Է հրթիռակոծութեան, տուժածներ չկան: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերու Կեդրոնական հրամանատարութիւնը (CENTCOM):

«Այսօր տեղական ժամանակով մօտաւորապէս 09:00-ին երկու հրթիռ արձակուած է դաշնակցային ուժերու ուղղութեամբ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը գտնուող «Քոնոքօ» առաքելութեան աջակցութեան կառոյցին վրայ: Յարձակման հետեւանքով տուժածներ չկան, դաշնակցային ուժերու սեփականութեան վնաս չէ հասած», - նշուած է Twitter-ի վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։

CENTCOM-ը նաեւ նշած է, որ «Սուրիոյ դեմոկրատական ուժեր» խմբաւորումը այցելած է հրթիռի արձակման վայր եւ այնտեղ գտած երրորդ՝ չարձակուած հրթիռը:

«Այս տեսակի յարձակումները վտանգի տակ կը դնեն դաշնակցային ուժերը եւ քաղաքացիական բնակչութիւնը եւ կը խարխլեն Սուրիոյ եւ տարածաշրջանի՝ դժուարութեամբ ձեռք բերուած կայունութիւնը եւ անվտանգութիւնը», - աւելցուցած է Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերու Կեդրոնական հրամանատարութեան խօսնակ գնդապետ Ճօ Պուչինոն:

Յիշեցնենք` Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերը կը վերահսկեն Սուրիոյ հիւսիսը եւ հիւսիս-արեւելքը գտնուող տարածքները Տէր Զօր, Ալ-Հասաքա եւ Ռաքքա նահանգները, ուր կը գտնուին Սուրիոյ նաւթի եւ կազի խոշորագոյն հանքավայրերը: Պաշտօնական Դամասկոսը բազմիցս յայտարարած է, որ իր տարածքին մէջ ամերիկեան զինուորականներու ներկայութիւնը բռնագրաւում է եւ պետական ծովահէնութիւն` նաւթի անթաքոյց գողութեան նպատակով: