Համացանցէն վերահասու դարձանք, որ Սուրիահայ մարզիկուհի, պասքէպոլի փայլուն խաղացող՝ Սոնիա Յակոբ Ճամքասեան դարձեալ միացած է երկրի ազգային հաւաքականին։
Լուրը ինքնին ոգեշնչող է բոլորիս համար եւ աւելի քան ապահով ենք, որ Սոնիան ցոյց պիտի տայ բացառիկ տաղանդ ու իր խաղաոճով գրաւէ հազարաւոր համակիրներու սիրտն ու ոգին։
Յաջողութիւն մաղթենք սուրիահայ մարզիկուհիին։