image

Սուրիա պիտի մասնակցի՞ Պէյրութի մէջ տեղի ունենալիք տնտեսական ֆորումին

Սուրիա պիտի մասնակցի՞ Պէյրութի մէջ տեղի ունենալիք տնտեսական ֆորումին

Լիբանանեան մէկէ աւելի աղբիւրներ վերջին օրերուն քննարկման թեմայ դարձուցած են Սուրիոյ մասնակցութեան խնդիրը՝ յառաջիկայ շաբաթներուն Պէյրութի մէջ տեղի ունենալիք համաարաբական տնտեսական ֆորումին:

Մինչ Լիբանանի պետական մարմիններ մինչեւ այս պահը իրենց յստակ կեցուածքը չեն յայտարարած՝ կապուած Սուրիոյ մասնակցութեան, անդին, արաբական մէկէ աւելի լրատուական աղբիւրներ կը յայտնեն, որ Սուրիոյ մասնակցութիւնը, յատկապէս այս փուլին, շատ կարեւոր է եւ այն կրնայ տեղի ունենալ այն պահուն, երբ Արաբական Ծոցի մէկէ աւելի երկիրներ կը պատրաստուին բնականոնացման նոր գործընթաց մը սկսիլ Սուրիոյ իշխանութիւններուն եւ յատկապէս Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին հետ: