ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ու հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ ՀՀ յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանը ներառուած են Անթալիոյ միջազգային դիւանագիտական ֆորումի մասնակիցներու ցանկին մէջ:
Ֆորումը պիտի կայանայ ապրիլ 11-13-ը «Դիւանագիտութեան վերականգնումը մասնատուած աշխարհի մէջ» կարգախօսով՝ Էրտողանի հովանիի ներքոյ։ Կ՚ակնկալուի, որ ատոր պիտի մասնակցի շուրջ 4,800 ներկայացուցիչ 148 երկրէ, այդ շարքին՝ 18-ը՝ պետութիւններու ղեկավարներու մակարդակով։
«Ապրիլ 11-12-ին ՀՀ արտաքին գործերի նախարար Արարատ Միրզոյեանը կը մասնակցի Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումին: Աշխատանքային այցի շրջանակներում ծրագրուած են նաեւ երկկողմ հանդիպումներ»,-յայտնած են ՀՀ ԱԳՆ-էն: