Հոկտեմբեր 24-ին՝ Ֆրանսա կատարած աշխատանքային այցի շրջածիրէն ներս, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանն այցելած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ծերակոյտ, ուր հանդիպումներ ունեցած է Ծերակոյտի փոխնախագահ Փիէռ Ուզուլիասի, արտաքին յարաբերութիւններու, պաշտպանութեան եւ զինուած ուժերու յանձնաժողովի նախագահ Սետրիք Փերանի եւ Ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամական խումբի նախագահ Ժիլպեր-Լիւք Տըվինազի հետ։
Այս մասին յայտնած են ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութենէն:
Քննարկուած են հայ-ֆրանսական երկկողմ պաշտպանական համագործակցութեանն առնչուող հարցեր:
Պաշտպանութեան նախարարը ներկայացուցած է համագործակցութեան ներկայիս ընթացքը եւ այս այցի շրջանածիրէն ներս ունեցած քննարկումներու արդիւնքները:
Նախարար Պապիկեանը շնորհակալութիւն յայտնած է՝ համագործակցութեան զարգացման գործին մէջ ցուցաբերած աջակցութեան համար: Ծերակուտականները պատրաստակամութիւն յայտնած են՝ շարունակելու աջակցութիւնը հայ-ֆրանսական համագործակցութեան զարգացման:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեանն առնչուող հարցեր: