image
Հրատապ լուրեր:

Ստորագրուած է Մարտունի եւ Կլենտէյլ քաղաքներու միջեւ բարեկամութեան հռչակագիրը

Ստորագրուած է Մարտունի եւ Կլենտէյլ քաղաքներու միջեւ բարեկամութեան հռչակագիրը

28 Սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան հանդիպած է Կլենտէյլի քաղաքապետ Արտաշես Քասախեանի եւ քաղաքային իշխանութեան ներկայացուցիչներու հետ։

Արցախի ԱԳՆ-էն «Արեւելք»-ին յայտնած են, որ նախարար Բաբայեան երախտագիտութիւն յայտնած է Կլենտէյլի բնակչութեան եւ քաղաքային իշխանութիւններուն Արցախը մշտապէս ուշադրութեան  կեդրոնին պահելու համար եւ ընդգծած, որ այդ բարձր կը գնահատուի արցախցիներու կողմէ։

Նոյն օրը նախարար Բաբայեան մասնակցած է Մարտունի եւ Կլենտէյլ քաղաքներու միջեւ բարեկամութեան հռչակագրի ստորագրման հանդիսաւոր արարողութեան։

Դաւիթ Բաբայեան կարեւորած է Մարտունիի եւ Կլենտէյլի միջեւ համագործակցութիւնը՝ ընկերային-տնտեսական, մարդասիրական եւ բարոյական տեսանկիւններէ։ Նախարարը աւելցուցած է, որ Կլենտէյլի հետ փոխգործակցութիւնը, միանշանակ, դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Մարտունիի զարգացման գործին վրայ։

Հանդիպմանն ու հռչակագրի ստորագրման արարողութեան մասնակցած են նաեւ Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարի տեղակալ Լեռնիկ Յովհաննիսեանը եւ ԱՄՆ-ի ու Գանատայի մէջ  Արցախի Հանրապետութեան Մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը։