image

Հայաստան-Քեպէք բարեկամութեան նոր դրսեւորումը՝ Ֆրանքոֆոնիայի ոգիով

Հայաստան-Քեպէք բարեկամութեան նոր դրսեւորումը՝ Ֆրանքոֆոնիայի ոգիով

Հայաստան-Քեպէք յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ Ֆրանքոֆոնիայի շրջանակին մէջ համագործակցութեան խորացման առիթով, Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուոյ Հիւպատոս Լեւոն Աֆէյեան մասնակցած է Քեպէքի Ազգային Տօնին նուիրուած հանդիսութիւններուն, որոնք կազմակերպուած էին Քեպէքի վարչապետ Քրիստին Ֆրէշէթի հիւրընկալութեամբ։

Աֆէյեան այս առթիւ կատարած է ամփոփ գրառում մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ․

«Քեպէքի Ազգային Տօնին առիթով կազմակերպուած տօնակատարութիւններուն մասնակցելու ընթացքին, որոնք հիւրընկալած էր Քեպէքի վարչապետ Քրիստին Ֆրէշէթը, առիթ ստեղծուեցաւ անդրադառնալու Հայաստանի եւ Քեպէքի միջեւ գոյութիւն ունեցող կապերուն՝ որպէս Ֆրանքոֆոնիայի ընտանիքին անդամներ։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ յառաջիկայ Ֆրանքոֆոնիայի խաղերը, որոնք տեղի պիտի ունենան Երեւանի մէջ՝ գալիք ամրան ընթացքին։ Այս առիթով ընդգծուեցաւ հայ-քեպէքեան համագործակցութեան կարեւորութիւնը եւ Ֆրանքոֆոնիայի շրջանակին մէջ փոխադարձ կապերու ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը»։