Սրտի կաթուածով ատրպէյճանցին տեղափոխուած է Ստեփանակերտի հանրապետական հիւանդանոց, ուր ենթարկուած է սրտի վիրահատութեան՝ պսակաձեւ անօթներու սթենթաւորման, յայտնած է «Sputnik Արմենիա»-ն՝ վկայակոչելով տեղեկատուական աղբիւրին:
Ուրբաթ օր, համացանցով տեղեկութիւն յայտնուած է այն մասին, որ Ստեփանակերտի հիւանդանոցի բաժանմունքներէն մէկուն մէջ կը կատարուի ատրպէյճանցի վարորդի բուժում, որ բերուած է խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ:
Առողջապահութեան նախարարութիւնը եւ հիւանդանոցի ղեկավարութիւնը հրաժարած են մեկնաբանութիւններ կատարել՝ առաջարկելով դիմել պաշտպանութեան նախարարութիւն:
Ներկայիս յայտնի է, որ հիւանդը տեղափոխած են Պաքու: