Փետրուար 21-ին, սպանութիւն տեղի ունեցած է Գեղարքունիքի մարզին մէջ։ Ժամը 13:00-ի իրաւապահներն տեղեկութիւններ ստացած են, որ դանակահարուած վիճակի մէջ Սեւանի բժշկական կեդրոն տեղափոխուած է քաղաքացի մը։
Ինչպէս յայտնած է Shamshyan.com-ը, բժիշկները քրէական ոստիկաններուն յայտնած են, որ վիրաւորը կը գտնուի ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ եւ ի վիճակի չէ կատարուածի մասին բացատրութիւն տալու։
Քրէական ոստիկանները պարզած են, որ վիրաւորը Տաւուշի մարզի բնակիչ 20-ամեայ Արամ Խաչատրեանն է, որ հիւանդանոց տեղափոխուած է Սեւան քաղաքի Նայիրեան փողոցէն ու մինչ կը պարզէին դէպքի հանգամանքները, հիւանդանոցէն ահազանգ եղած է, որ վիրաւորը գիտակցութեան չգալով մահացած է։
Գեղարքունիքի մարզի քրէական ոստիկանները եւ Սեւանի քննչական բաժնի քննիչները պարզած են դէպքի հանգամանքները եւ կասկածեալներէն 2-ը յայտնաբերած են։