image

Սպիտակ Տուն. Կրակոց լրագրողներու ընթրիքին. Թրամփ տարհանուած է դէպքի վայրէն

Սպիտակ Տուն. Կրակոց լրագրողներու ընթրիքին. Թրամփ տարհանուած է դէպքի վայրէն

Սպիտակ տան թղթակիցներու տարեկան ընթրիքին ընթացքին կրակոցներ արձանագրուած են, ինչը խուճապի մատնած է ներկաները։

Ականատեսներու համաձայն՝ կրակոցները հնչած են դահլիճի մերձակայքին մէջ, ընթրիքի ընթացքին, երբ բազմաթիւ քաղաքական եւ լրատուական դէմքեր ներկայ էին։

Անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները անմիջապէս միջամտած են եւ շտապ կերպով ապահով վայր փոխադրած են Դոնալտ Թրամփն ու Ճէյ Տի Վենսը։

Դահլիճը կարճ ժամանակի մէջ ամբողջութեամբ տարհանուած է, իսկ տարածքը՝ շրջափակուած։

Իրաւապահ մարմինները արագ գործողութեան շնորհիւ ձերբակալած են կրակ արձակող անձը։ Անոր շարժառիթները տակաւին չեն հրապարակուած։

Դէպքին հետեւանքով տուժածներու մասին պաշտօնական տեղեկութիւններ առայժմ չեն հաղորդուած։

Քննութիւնը կը շարունակուի՝ պարզելու դէպքի բոլոր մանրամասնութիւնները եւ ապահովելու նման միջադէպերու կանխարգիլումը ապագային։