image

Սփիւռքի «առողջացում»ը եւ ... Մելգոնեան Վարժարանը

  Սփիւռքի «առողջացում»ը եւ ... Մելգոնեան Վարժարանը

 Եթէ  Սփիւռքի մէջ  հայկական նոր զարթօնքի մը մասին մտածելու ըլլանք, ատոր առաջին քայլը Մելգոնեանի վերաբացումը  պիտի ըլլայ, եւ այնքան ատեն, որ նման  հսկայ ու պատմական  կառոյց մը փակ  է, ու փակ կը պահուի, անհնար է խորհիլ, որ Սփիւռքի վերանորոգման մասին ԻՐԱՒ եւ ԼՈՒՐՋ  մտածող, կամ մտածողներ կան ...

 Կան մարդիկ,  որ այո, մեծ  ճիգեր կը կատարեն յանուն՝ Արեւմտահայերէնի, բայց այդ բոլորը բաւարար չեն... 

 Այդ բոլորը բաւարար չեն, երբ բացակայ է մանաւանդ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆԸ՝ ՀԲԸՄ-ը։

Մնացեալը ժամանակի  կորուստ է,  կիրակնօրեայ  քէպապի սեղան  եւ ուշացած  հաւաքական հոգեհանգիստ։

 

 

  Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝

 

Սփիւռքի  առողջանալը կը սկսի ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ-ի վերաբացումով 

Յարգանքս այն կիպրահայերուն, որ ամէն ինչ անտեսելով երէկ  յարգած են   Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանի հիմնադիրներ՝  Աղա Գրիգոր եւ Աղա  Կարապետ  Մելգոնեան  եղբայրներու յիշատակը։ 

 Մելգոնեան վարժարանի  թեման  այսօր եւս կը համարուի «թապու» մը եւ կարծէք միակ ուրախալին այն է, որ հակառակ  ամէն ինչին աշխարհով մէկ  սփռուած  հայորդիներ (Մելգոնեանցիներ մանաւանդ) կը յիշեն, կը յիշատակեն  անոնց անունը, կը խնկեն  անոնց յիշատակը։

 Եթէ  Սփիւռքի մէջ  հայկական նոր զարթօնքի մը մասին մտածելու ըլլանք, ատոր առաջին քայլը Մելգոնեանի վերաբացումը  պիտի ըլլայ, եւ այնքան ատեն, որ նման  հսկայ ու պատմական  կառոյց մը փակ  է, ու փակ կը պահուի, անհնար է խորհիլ, որ Սփիւռքի վերանորոգման մասին ԻՐԱՒ եւ ԼՈՒՐՋ  մտածող, կամ մտածողներ կան ...

 Կան մարդիկ,  որ այո, մեծ  ճիգեր կը կատարեն յանուն՝ Արեւմտահայերէնի, բայց այդ բոլորը բաւարար չեն... 

 Այդ բոլորը բաւարար չեն, երբ բացակայ է մանաւանդ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆԸ՝ ՀԲԸՄ-ը։

Մնացեալը ժամանակի  կորուստ է,  կիրակնօրեայ  քէպապի սեղան  եւ ուշացած  հաւաքական հոգեհանգիստ։

  Յ.գ. Այստեղ  շատ կարեւոր կը համարեմ ողջունել Կիպրահայ իմ բարեկամներս (որոնցմէ շատերուն հետ կիսուած եմ Մելգոնեանի  կեանքով ու եռանդով)  յիշելով  յատկապէս անունը՝ Տիար Վարդգէս Մահտեսեանին, որ կը շարունակէ մնալ ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ-ի   վերաբացման  ու անոր դատին  ԻՍԿԱԿԱՆ ՋԱՏԱԳՈՎ ՄԸ։ Բոլորին վարձքը կատար։

Լուսանկարը՝ անցեալ կիրակի օր,  Նիկոսիոյ  Մելգոնեանի գլխաւոր  հրապարակէն ու կը գտնուի երկու մեծ  բարերարներու յուշակոթողը։