image
Հրատապ լուրեր:

Սփիւռքահայ գեղանկարչութեան մեծ կորուստը. Ոչ եւս է Յարութիւն Թորոսեանը

  Սփիւռքահայ գեղանկարչութեան մեծ կորուստը. Ոչ եւս է Յարութիւն Թորոսեանը

Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Սփիւռքի գեղանկարչութեան գունեղ ընտանիքի աւագ ներկայացուցիչներէն ՝ Յարութիւն Թորոսեան։ 

Պէյրութ ծնած արուեստագէտը  (89  տարեկան), որուն համար իր ծննդավայրէն բացի մեծ նշանակութիւն ունեցած են Երեւանն ու Փարիզը, կը համարուի Հայոց Ցեղասպանութեան յիսնամեակէն ետք կերտուած շրջանի ինքնորոյն անուններէն մին, որուն գեղանկարչական գործերուն մէջ դրոշմուած եղած են հայու նոր զարթօնքի գաղափարն ու պահանջատիրութեան ոգին։

Թորոսեան, որ ամուր կապեր ստեղծած է, ոչ միայն հայաշխարհի արուեստի շրջանակներուն, այլ նաեւ լիբանանեան շրջանակներուն հետ կը համարուի Լիբանանի արդի գեղանկարչութեան ստորագրութիւն թողած նկարիչներէն ու նաեւ որակեալ դասախօսներէն մին։

 

Թորոսեանի համար Հայաստանը սովորական հայրենիք մը չէր այլ աւելին ու ան իր ոգեղէն զինանոցը ամբողջական պարունակին մէջ մեծ տեղ յատկացուցած է հայութիւնը ամբողջացնող Մայր Հայրենիքի գաղափարին ու նաեւ պահանջատէր հայութեան խորհրդանիշ դարձած հերոսական Արցախին։

Յարութիւն Թորոսեանի շիջումով կարեւոր էջ մը կը փակուի Լիբանանի հայկական համայնքի արուեստագէտներու տոմարէն ու ան կը միանայ Պէյրութի ոսկեդարը կերտած Խըտշեան եղբայրներուն, Պերճ Ֆազլեանին, Լիւսի Թիւթինճեանին, Կիւտէրին եւ շատ ուրիշներու, որոնք իրենց կնիքը դրած են Լիբանանի մշակութային կեանքին մէջ։

Յարգանք իր վաստակին։

 

 Աւելի ուշ կ՚անդրադառնանք Յարութիւն Թորոսեանի կենսագրութեան եւ արուեստի նուաճումներուն։