image

Սպանիոյ մէջ.  Ատոմ Էկոյեանին նոր պարգեւ 

Սպանիոյ մէջ.  Ատոմ Էկոյեանին նոր պարգեւ 

Օրերս, բեմադիր Ատոմ Էկոյեան արժանացած է Սպանիոյ Պենալմատենայի միջազգային շարժապատկերի փառատօնի մրցանակին: 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝

Բեմադիր Ատոմ Էկոյեան արժանացած է Սպանիոյ Պենալմատենայի միջազգային փառատօնի մրցանակին:

Հոկտեմբեր 19-ին ան ստացած է «Niña de Benalmádena» մրցանակը։

Հարկ է նշել, թէ 1998-էն ի վեր սոյն մրցանակին արժանացած են հեղինակաւոր բեմադիրներ՝ Քեն Լոչ, Կիյերմօ տել Թորօ, Ճիրի Մենզել, Վոլխեր Շլէօնտորֆ եւ ուրիշներ:

Կարճ եւ այլընտրանքային ֆիլմերու սոյն փառատօնին բացումը կատարուած է Էկոյեանի «Էկզոթիքա» (1994) ժապաւէնով եւ անոր ֆիլմարուեստին նուիրուած այլ ցուցադրութիւններով։