Իսրայէլեան օդուժի հարուածի հետեւանքով յունուար 2-ի առաւօտեան առնուազն 10 պաղեստինցի զոհուած է Կազայի հատուածի հարաւին մէջ տեղահանուած ընտանիքներու վրանային ճամբարին մէջ։ Այս մասին յայտնած է Reuters-ը՝ վկայակոչելով բժիշկները:
Բժիշկները յայտնած են, որ 10 մարդ, այդ շարքին կանայք եւ երեխաներ, մահացած են ալ-Մուասիի վրանին մէջ, 15 մարդ տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներ ստացած է: Վրանային ճամբարը կը գտնուէր արեւմտեան Խան Եունիսի մէջ, որ մարդասիրական գօտի հռչակուած էր:
Օդային հարուածի հետեւանքով զոհուած են նաեւ Կազայի ոստիկանութեան վարչութեան ընդհանուր տնօրէն Մահմուտ Սալահը եւ անոր օգնական Հուսամ Շահուանը, յայտնած է Al Jazeera-ն: