image

Պոլսոյ մէջ. Միաբանական ամավերջի հաւաք

Պոլսոյ մէջ. Միաբանական ամավերջի հաւաք

Պոլսոյ մէջ, օրերս, Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցած է գիրշերային ժամերգութիւն եւ Հոգեւորականաց ամանորեան գոհաբանական աղօթք։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Հոգեւորականաց ամանորեան գոհաբանական աղօթքը 30 Դեկտեմբեր 2024, Երկուշաբթի առաւօտ տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարին մէջ։

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ եկեղեցականաց դասը ժամը 09.30-ին մուտք գործեց Մայր Տաճար, ուր տեղի ունեցաւ գիրշերային ժամերգութիւն։

Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ ծնկաչոք եւ միասնաբար երգուած «Տէր Ողորմեա»ով ու Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնով։

Ապա հոգեւորականաց թափօրը ուղղուեցաւ Պատրիարքարանի դահլիճը, ուր տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց դասու ամանորեան հաւաքը։

Սրբազան Պատրիարք Հայրը, այս առթիւ ներկայ հոգեւորականներուն փոխանցեց Ամանորի պատգամը եւ փառք տուաւ 2024ին համար, ապա յիշեց թէ՝ նոյն տարուան մէջ վախճանած էին հոգեւորականաց դասու երկու անդամները՝ Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեանն ու Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանը։ Նորին Ամենապատուութիւնը ներկաները հրաւիրեց աղօթելու, որ Աստուած նոր մշակներ հանէ իր անդաստանին համար։

Մեր Հոգեւոր Պետը անդրադարձաւ անցեալ տարուան մասին եւ բարեմաղթանքներ ըրաւ, որ յառաջիկայ տարին ըլլայ աւելի պտղաբեր թէ իւրաքանչիւրին համար յատկապէս եւ թէ համայնքիս եւ եկեղեցւոյ համար ընդհանրապէս։

Հաւաքը իր աւարտին հասաւ, Նորին Ամենապատուութեան վերջին օրհնութեամբ, անուշապուրի հիւրասիրութեամբ եւ փոխադարձ շնորհաւորանքներով։