image

Մահ  Յակոբ (Ժագ) Սարգսեանի

Մահ  Յակոբ (Ժագ) Սարգսեանի

Պոլսոյ «Մարմարա» պարբերականէն կը կարդանք՝ 

Երեւանէն ցաւով կը գուժեն զուիցերահայ պատուական հայու մը՝ Ժաք Սարգսեանի մահը։

«Թրիպիւն տը Ժընեւ»ը գրեց որ նախընթաց օր, Ժընեւի մէջ հրաժեշտ տուին ազնուական ոգիի տէր, 1915ի խլեակներէն Ժընեւ հասած եւ հոն բոյն հիւսած պատուական հայու մը՝ Ժաք Սարգսեանին։ Իզմիրլեան առեւտրական տան երկար տարիներու տնօրէն Ժագ Սարգսեան, հակառակ իր յառաջացեալ տարիքին, «մէկ ոտքով» միշտ Հայաստան էր, լռելեայն կը ծառայէր երկրին, այդ երկրի պաշտպանին՝ հայ զինուորին, դիմագրաւելով զինուորներու մեծ հոգերն ու կարիքները, անոնց հետ լուսցնելով բազմաթիւ գիշերներ։ Ան ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ էր ու կը պաշտէր Հայաստանը։

Իր երազանքներէն մէկն էր այցելել Պոլիս ու հանդիպում մը ունենալ Մարմարա-ի խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի հետ։ Սարգսեան, Երեւանէն իր սիրասուն բարեկամներ Արա Պետրոսեանի ու Յասմիկ Ստեփանեանի հետ բազմիցս հիւրը եղաւ մեծանուն Հատտէճեան մտաւորականին, «Արա» սրճարանին մէջ բաժակ բարձրացուց Հատտէճեանի, Արա Կիւլէրի, Կարօ Քիւրքմանի ու Արսէն Եարմանի հետ։ Անկեղծօրէն երջանկացաւ տեսնելով Ռ. Հատտէճեանի գրիչով իր ստեղծագործութիւններուն նուիրուած արժեւորումները եւ գրական-գեղարուեստական էջը։ Երջանիկ օրեր ապրեցաւ իր ազնիւ տիկնոջ ծանօթացնելով իր կեանքի այս թանկագին էջերը։

Ժագ Սարգսեանի գործունէութեան «կարապի երգ»ը Երեւանի մէջ «Իզմիրլեան» մեծ կեդրոնի հիմնադրութիւնն էր եւ ան պատուով ու սիրով իրականութիւն դարձուց այդ կեդրոնի ամէն մէկ մանրուքը։

Իր գիրքերուն մէջ բանաստեղծութիւնները գլխագրերով չեն սկսիր, գլխագիր չկայ այդ հատորներուն մէջ, բայց ան արդէն մեծատառով հայ «որբուկ» էր, օտար հողերուն վրայ իր կեանքը ապրած, միշտ իր երկրով հպարտ, երկրի հոգերով տառապած Հայ բանաստեղծ մը։

Լոյսերուն մէջ թող հանգչի իր պայծառ հոգին, որ միշտ երազանքներով ապրեցաւ։