Նախագահութեամբ Պէյրութի Թեմի օգնական Եպիսկոպոս Արհ. Տ. Գրիգոր Եպս.Պատիշահի, օրերս, Սուրբ ծննդեան նուիրուած երեկոյ տեղի ունեցած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ-Սուրբ Եղիա հայ կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, ուր «Սուրբ Ծննդեան ոգին» խորագրով համերգով հանդէս եկած են ժողովրդապետութեան զոյք երգչախումբերը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Թեմի դիմատետրեան էջէն։
Շաբաթ, 28 Դեկտեմբեր 2024-ին, Սուրբ Ծննդեան նուիրուած երեկոյ տեղի ունեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ-Սուրբ Եղիա հայ կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, կատարողութեամբ ժողովրդապետութեան զոյք երգչախումբերը, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Պէյրութի Թեմի Օգնական Եպիսկոպոս Արհ. Տ. Գրիգոր Եպս.Պատիշահի եւ
ներկայութեամբ հաւատացեալներու բազմութեան ու նշեալ ժողովրդապետութեան զաւակներուն։
Համերգին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գեր. Արամ վրդ. Աբրահամեան ու ներկայացուց Սուրբ Ծնունդի խորհուրդի ոգին։
«Սուրբ Ծննդեան ոգին» խորագիրը կրող համերգին, համանուն եկեղեցւոյ երգչախումբի կատարողութեամբ, հնչեցին փունջ մը մեղմ եւ քնքուշ մեղեդիներ` առնչուած Սուրբ Ծնունդի տօնին հետ։
Երեկոյին իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերին համայնքի անդամներէն դենոր Ճօնի Քոքճեանն ու Լին Ծովիկեանը։
Նաեւ իւրայատուկ ներկայացումով հանդէս եկան ժողովրդապետութեան երեխաները` շարականներու եւ աղօթքներու երգեցողութեամբ` ներշնչուած առիթի ոգիէն
Արժ. Րաֆֆի Քհնյ. Յովհաննէսեան երեկոն եզրափակեց ներկաները ողջունելով, բարեմաղթութիւններ ընելով եւ շնորհակալութիւն յայտնելով։
Հուսկ Արհ. Տ. Գրիգոր Եպս.Պատիշահ, ոգեշնչուած երգեցողութենէն, իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն ըսելով` թէ կարեւոր է այս դժուարին պայմաններուն մէջ Սուրբ Ծննդեան ոգին ըստ արժանւոյն ապրիլը. ապա կեդրոնացաւ մանուկ Յիսուսի օրինակով պարզութիւն եւ խոնարհութիւն դրսեւորելու անհրաժեշտութեանը՝ ընդգծելով աղօթքի դերակատարութիւնը մեր առօրեայ կեանքին մէջ։ Այնուհետեւ Սրբազան Հայրը իր խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով երգչախմբի անդամներուն, ժողովուրդին եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը բերած են սոյն երեկոյի յաջողութեանը ի խնդիր։