Սպանահայութիւնը վերջին օրերուն հիւրընկալած է Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը, որ այցելած է Մալակա։ Տեղւոյն Ս. Մարիամ Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ մէջ, կիրակնօրեայ Ս. Պատարագէն վերջ կատարուած է ջրօրհնէք։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
1 Դեկտեմբերին Սպանիոյ Մալակա քաղաքի հայ համայնքէն ներս տօնական տրամադրութիւն կար։ Տեղւոյն հայկական Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին լեցուն էր հաւատացեալներով, քանի որ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագէն ետք Ջրօրհնէք պիտի կատարուէր Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի կողմէ։ Սրբազան Հայրը իրեն հետ բերած էր նորօծ սրբալոյս միւռոնը։ Խաժակ Արքեպիսկոպոսի օրհնութեամբ պատարագիչն էր Արամ Աւ. Քհնյ. Յունանեան։
Արարողութեան ներկայ էին ծխական ու վարչական խորհուրդի անդամներ եւ քոյր յարանուանութեանց ներկայացուցիչներ։
Մալակայի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Թորոս Քհնյ. Եսայեան որդիական խոնարհումի ու շնորհակալութեան խօսքեր արտասանեց։ Դիմելով Խաժակ Սրբազանին, ան պատմեց այն մեծ խանդավառութեան մասին որ կը տիրէր ծուխէն ներս, քանզի Էջմիածնապարգեւ նոր միւռոնով ու օրհնուած ջուրով Աստուածային առատ օրհնութիւն պիտի բաշխուէր տեղաբնակ բոլոր հայերուն։
Իր կարգին, Սրբազան Հայրը ըսաւ որ Սուրբ Միւռոնը այն հզօր ոյժն է, որ կը միացնէ աշխարհասփիւռ հայութիւնը, հետեւաբար կոչ ուղղեց որպէսզի միասնութեան գաղափարը տիրական ըլլայ ամէն հայու մտքին մէջ։
Պատարագի աւարտին, հանդէս մը սարքուեցաւ Ներսէս Շնորհալիի անուան վարժարանի սաներու կողմէ։ Երեկոյեան ուշ ժամերուն Սրբազան Հօր հետ հանդիպում մը ունեցան նաեւ Ծխական Խորհուրդի անդամներն ու տեղւոյն »Հայրենիք« միութեան վարչական խորհուրդը, քննարկելով համայնքի հոգեւոր-կրթական կեանքը զարգացնելու եւ ելմտա-տնտեսական կայունութիւն ստեղծելու հարցերը։