Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան կը գրէ՝
Ամենայն Հայոց հոգեւոր կեդրոնը՝ Սուրբ Էջմիածինը, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ միայն պատմական կամ կրօնական սրբավայր մը չէ, այլ՝ ազգային ինքնութեան, հոգեւոր շարունակականութեան եւ համահայկական միաբանութեան կենդանի խորհրդանիշը։ Էջմիածնայ տօնը այս իմաստով պարզ յիշատակութիւն մը չէ անցեալի փառքին, այլ վերանորոգ կոչ՝ վերագտնելու մեր հաւատքին, մեր արմատներուն եւ մեր ազգային հաւաքական առաքելութեան ուժը։
Էջմիածինը դարեր շարունակ եղած է այն սրբազան կեդրոնը, ուրկէ մեր ժողովուրդը ո՛չ միայն հոգեւոր մխիթարութիւն ստացած է, այլ նաեւ ազգային փորձութիւններու պահուն՝ ուղղութիւն, տոկունութիւն եւ վերականգնման կամք։ Երբ պետականութիւնը խաթարուած է, երբ հայրենի հողը ենթարկուած է վտանգներու, երբ մեր ժողովուրդը ցրուած է աշխարհով մէկ, Էջմիածինը մնացած է անշարժ առանցք մը, որ միացուցած է հայ մարդը իր պատմութեան, եկեղեցւոյ եւ ազգի ապագային հետ։
Այսօր, մեր ներկայ ժամանակաշրջանին, երբ աշխարհը կը դիմագրաւէ արժեհամակարգային տատանումներ, քաղաքական անորոշութիւններ եւ ազգային ինքնութիւններու նուազման վտանգ, Էջմիածնի խորհուրդը կը դառնայ աւելի քան երբեք կենսական։ Ան մեզ կը յիշեցնէ, որ ժողովուրդ մը չի կրնար մնայուն կերպով հզօրանալ միայն տնտեսական կամ քաղաքական միջոցներով, եթէ անիկա զուրկ է հոգեւոր հիմքէ, բարոյական կողմնորոշումէ եւ հաւաքական գիտակցութենէ։ Սուրբ Էջմիածինը, հետեւաբար, միայն մեր անցեալի փառքի յուշարձանը չէ, այլ մեր ներկայի կերտիչն ու ապագայի լուսաւորիչը։
Մեր ազգային կեանքին մէջ պետութեան եւ եկեղեցւոյ յարաբերութիւնը ունի առանձնայատուկ նշանակութիւն։ Անոնք տարբեր առաքելութիւններ ունին, սակայն չեն հակադրուիր իրարու, երբ կ'ուղղուին ժողովուրդի բարիքին, ինքնութեան պահպանման եւ հայրենիքի պաշտպանութեան։ Պետութիւնը կոչուած է ապահովելու ազգային անվտանգութիւնը, օրէնքի գերակայութիւնը, հասարակական կազմակերպուածութիւնն ու զարգացման պայմանները։ Եկեղեցին, իր կարգին, կոչուած է դաստիարակելու հոգեւոր առողջութիւն, բարոյական պատասխանատուութիւն, սիրոյ, ծառայութեան եւ հաւատքի արժէքներ։
Երբ պետութիւնն ու եկեղեցին, իւրաքանչիւրը իր սահմաններուն մէջ, փոխադարձ յարգանքով եւ ազգային գիտակցութեամբ գործակցին, ժողովուրդը կը դառնայ աւելի ամուր, աւելի կազմակերպ եւ աւելի տոկուն։ Այդ համագործակցութիւնը պէտք չէ դիտել որպէս իշխանական կամ վարչական սերտացում, այլ՝ որպէս ազգային ճակատագրի հանդէպ համատեղ ծառայութիւն։ Որտեղ կայ այդ գիտակցութիւնը, հոն կը զօրանայ հասարակական համերաշխութիւնը, կը խորանայ քաղաքացիական պատասխանատուութիւնը, եւ ազգային նպատակները կը ստանան աւելի ամուր հիմք։
Մեր ժողովուրդի միասնականութիւնը այսօր առաջնահերթութիւն մըն է։ Ներքին բաժանումները, անհանդուրժողականութիւնը, անհատապաշտ մօտեցումները եւ ընդհանուր շահը երկրորդական դարձնող երեւոյթները կը տկարացնեն ազգը։ Էջմիածնի խորհուրդը մեզ կը հրաւիրէ վերադառնալու համազգային մտածողութեան։ Ան կը սորվեցնէ, որ հայութիւնը միայն աշխարհագրական սահմաններով չի սահմանուիր, այլ հոգեւոր, մշակութային եւ ազգային կապերով կ'ապրի։ Այս առումով, Էջմիածինը համայն հայութեան տունն է՝ հայրենիքի մէջ եւ սփիւռքի տարածքին, անցեալին մէջ եւ ապագայի յոյսին մէջ։
Այսօր մեզի անհրաժեշտ է ոչ միայն զգացական կապ ազգային սրբութիւններուն հետ, այլ նաեւ գործնական վերանորոգուած յանձնառութիւն։ Էջմիածնի տօնը կոչ մըն է, որ իւրաքանչիւր հայ՝ պետական գործիչ, հոգեւորական, մտաւորական, ուսուցիչ, ծնող եւ երիտասարդ, վերագտնէ իր բաժին պատասխանատուութիւնը հայրենիքի հզօրացման գործին մէջ։ Ազգը կը հզօրանայ, երբ իր հաստատութիւնները վստահելի են, երբ իր հոգեւոր կեդրոնները կենդանի են, երբ իր քաղաքացիները գիտեն, թէ անձնական յաջողութիւնը անբաժանելի է հաւաքական բարիքէն։
Հայրենիքի հզօրացումը չի սահմանափակուիր միայն բանակով, տնտեսութեամբ կամ դիւանագիտութեամբ, որքան ալ անոնք կենսական ըլլան։ Հզօր հայրենիք կը կերտուի նաեւ հաւատքով, արժէքներով, ազգային դաստիարակութեամբ, մշակութային արթուն ներկայութեամբ եւ սերունդներու մէջ ծառայութեան ոգի արմատաւորելով։ Ահա թէ ինչու Էջմիածինը, որպէս հոգեւոր հայրենիք, ունի նաեւ ազգային-պետական նշանակութիւն։ Ան մեզ կը միացնէ այն տեսլականին շուրջ, թէ ազատ, անվտանգ եւ արժանապատիւ հայրենիք կարելի է կառուցել միայն այն ատեն, երբ ժողովուրդը ներսէն ամուր է։
Էջմիածնայ տօնը, ուրեմն, առիթ է ոչ միայն խոնարհումի եւ աղօթքի, այլ նաեւ ինքնաքննութեան եւ վերանորոգման։ Ան մեզ կը հրաւիրէ վերատեսութեան ենթարկելու մեր ազգային կեցուածքները, ամրապնդելու պետութիւն-եկեղեցի առողջ գործակցութիւնը, խորացնելու մեր միասնականութիւնը եւ ամբողջական նուիրումով ծառայելու հայրենիքին։ Որքան աւելի հաւատարիմ մնանք Էջմիածնի խորհուրդին, այնքան աւելի կարող պիտի ըլլանք դիմագրաւելու մեր ժամանակի մարտահրաւէրները եւ կառուցելու աւելի հզօր, աւելի միացեալ եւ աւելի արժէքահեն ազգային ապագայ։
Թող Սուրբ Էջմիածնի լոյսը շարունակէ առաջնորդել մեր ժողովուրդը՝ դէպի միաբանութիւն, իմաստութիւն, հաւատք եւ հայրենի կեանքի վերազարթօնք։