image
Հրատապ լուրեր:

Սիւնիք. Շմոլ կազէն թունաւորուած է 6 անձ

Սիւնիք. Շմոլ կազէն թունաւորուած է 6  անձ

Դեկտեմբեր 31-ին, արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է Սիւնիքի մարզին մէջ։ Ժամը 02։25-ի սահմաններուն ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան համայնքային ոստիկանութեան գլխաւոր վարչութեան Գորիսի բաժին տեղեկութիւն ստացուած է, որ «սուր թունաւորում շմոլ կազէն, հարցականով» ախտորոշմամբ շտապօգնութեան մեքենայով «Գորիս» բժշկական կեդրոն բուժօգնութեան տեղափոխուած են 6 քաղաքացիներ, հաղորդում է Shamshyan.com–ը։

Պարզուած է, որ տեղեկութիւնը հաւաստի է, իսկ հիւանդանոց տեղափոխուածները Սիւնիքի մարզի բնակիչ 73-ամեայ Արաքսիա Ք․-ն, Երեւանի բնակիչ 13-ամեայ Մ․ Բ․-ն, Սիւնիքի մարզի բնակիչներ 15-ամեայ Խ․ Ք․-ն, 17-ամեայ Վ․ Ք․-ն, 37-ամեայ Վարսիկ Ք․-ն եւ 77-ամեայ Վահան Ք․-ն։

Կայքի տեղեկութիւններով ոստիկանութեան Գորիսի բաժնի ծառայողները պարզած են, որ դեկտեմբեր 30-ին ժամը 23։30-էն սկսեալ վերջիններս հերթով լոգանք ընդունած են, որմէ ետք իրենց վատ զգացած են, փսխած եւ անմիջապէս տեղափոխուած է հիւանդանոց։

Դէպքի փաստով ոստիկանութեան Գորիսի բաժնէն ներս փաստաթուղթեր կազմուած են, որոնք փոխանցուած են ՀՀ Քննչական կոմիտէի Սիւնիքի մարզային քննչական վարչութեան Գորիսի քննչական բաժին: