Քու հոգածութիւնդ վայելած անհատները, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս իրենց սիրելի ու անձնուէր բժիշկը օրհնանքով ու աղօթքով կը յիշեն:
Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան կը գրէ՝
Այսօր՝ 5 Մարտ 2025 եւ արդէն հինգ տարին կ՚ամբողջանայ...:
Պիտի չըսեմ բացակայութիւն կամ հեռաւորութիւն, հաստատելով, որ սիրելիները երբեք չեն հեռանար, պարզապէս անոնց հետ հաղորդակցելու ոճը կը փոխուի…։
Սիրելի, Կարօ, յաւերժ ներկայութիւն ես սիրելիներուդ մօտ։ Յաճախ կը յայտնուիս մեզի նախասիրած մէկ երգովդ, իւրայատուկ հիւմորովդ, քաղցր ժեստերովդ, իմաստուն խօսքերովդ …։ Ընտանիքդ օրհնութիւն կը սեպէ այն տարիները, որուն ընթացքին վայելեց քու ներկայութիւնդ: Աստուծոյ փառք կու տանք յիշելով քու եզակի անձնաւորութեանդ յատկանիշները, կեանքին եւ դէպքերուն հանդէպ դրական հայեցողութիւնդ, սիրելու տարողութիւնդ, անշահախնդիր ծառայասիրութիւնդ, միշտ ժպտերես, կենսուրախ, յուսադրող ու խրախուսող ներկայութիւնդ:
Քու հոգածութիւնդ վայելած անհատները, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս իրենց սիրելի ու անձնուէր բժիշկը օրհնանքով ու աղօթքով կը յիշեն:
Դժբախտաբար անողոք քաղցկեղը երկար տարիներ մարտնչելէ ետք քու աննկուն կամքիդ, չյուսալքուող խառնուածքիդ դէմ, ի վերջոյ յաղթեց ու պարտադրեց, որ ակամայ լքես սիրելիներդ: Միշտ զարմանքով կը յիշենք, որ ամէնէն դժուարին պահերուդ անգամ մեզի սէր պարգեւեցիր, ամրութիւն ներշնչեցիր եւ ամենադոյզն խնամքին համար շնորհակալութիւն յայտնեցիր: Ես ու զաւակներդ բնաւ չենք մոռնար թանկարժէք խօսքդ. «Ես բախտաւոր եմ, որ ձեզի ունիմ...»։ Այժմ մեզի միայն կը սփոփէ այն իրողութիւնը, որ այլեւս ցաւ չունիս եւ կը ննջես երկնային խաղաղութեան մէջ:
Վստահ գիտեմ, որ օր մը կրկին պիտի միանանք...մինչեւ այդ քեզ միշտ պիտի յիշենք՝ սիրով ու անհուն կարօտով: