image

Սիմոն Զաւարեանի մահուան 112-րդ ամեակին

Սիմոն Զաւարեանի մահուան 112-րդ ամեակին

Եւ ես կողչունեմ քեզ, ո՛վ փրկարար Փոթորիկ,
Ո՛վ իմ մեռեալս մեծարժէք, ո՛վ իմ ընկերս անխարդախ,
Դուն՝ քու խաչդ ուսիդ, Գողգոթայէն վեր մագլցող,
Ո՛վ սրբակրօն Սիմէոն, ո՛վ եղերական Մարդ–Յիսուս…

Սիամանթօ

Դաշնակցութեան խիղճը… Այսպէս կոչուեցաւ Սիմոն Զաւարեանը՝ իր ժամանակակից ղեկաւարներուն եւ երեւելիներուն կողմէ, եւ ան յատկանշուեցաւ որպէս գաղափարապաշտութեան, բարոյական ամրակուռ սկզբունքներու եւ անսակարկ նուիրումի եզակի գլխագիր Մարդն ու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն մին, որ 112 տարիներ առաջ՝ 1913 թուականի Հոկտեմբերի 27-ին, կնքեց իր մահկանացուն՝ ինկաւ պարտականութեան ճամբուն վրայ, սուգի մատնելով իր կուսակցութեան հետ միասին բովանդակ հայութիւնը՝ Կովկասէն մինչեւ Պոլիս եւ մինչեւ արտասահմանի հեռաւոր գաղութները։

Սիմոն Զաւարեան ծնած է 1866 թուականին, Լեռնային անտառախիտ Լոռի գաւառի Իգահատ գիւղը։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն վարժարանէն։ Պատանի տարիքին Սիմոն կը մեկնի Թիֆլիս, ուր միջնակարգի ընթացքը կ՛աւարտէ փայլուն յիշատակութեամբ։ Բարձրագոյն ուսումը կը շարունակէ եւ կ՛աւարտէ Մոսկուայի նշանաւոր «Պետրովկեայի Գիւղատնտեսական Համալսարան»ը պատուոյ յիշատակութեամբ։

Երիտասարդ, տաքարիւն, ըմբոստ Սիմոն համալսարանական տարիներուն կը նետուի յեղափոխական շարժման ալիքներուն մէջ՝ իր հետ ունենալով Ռոստոմը՝ Ստեփան Զօրեանը, նոյնպէս ուժեղ, ըմբոստ, նուազ կրքոտ նկարագիր մը։ Շուտով երկուքը գաղափարի ջերմ եղբայրական կապերով սերտօրէն կը միանան գաղափարակից ընկեր՝ Քրիստափոր Միքայէլեանին՝ ծնունդ տալու համար Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարժման հիմնադիր լուսաշող Երրորդութեան։

1890-ական թուականներու ժամանակաշրջանի եւ պայմաններու առաքինութեան ու վերազարթնումի արտայայտիչները եղան պայծառ գաղափարներով տոգորուած Քրիստափորը, Ռոստոմն ու Զաւարեանը՝ Հայ Յեղափոխութեան պոռթկումի օրերու մեր գաղափարական, մտաւորական եւ մարտական հնոցի դարբինները։ Եւ այդպէս էր լոռեցի Սիմոն Զաւարեանը, որուն կեանքը հանապազօրեայ պատարագ մը եղաւ իր ժողովուրդի ազատագրութեան դատին եւ իր կուսակցութեան գաղափարական աշխարհին։ Թիֆլիսէն ու Տրապիզոնէն մինչեւ Մետեխի բանտն ու Ժընեւէն մինչեւ Պէյրութ, Կիլիկիա եւ Պոլիսէն մինչեւ Տարօն ու Սասուն՝ ան գործեց անդադար, քարոզեց, դաստիարակեց ու դարբնեց հայ մարդը՝ անխոնջ եւ անդադար, մնալով խստապահանջ՝ նախ իր անձին եւ ապա իր շրջապատին։

Ընկեր Զաւարեան լոյսի ցոլքեր տուաւ ու ոգի, լոյս տուաւ ու խիղճ, եւ աւելի՛ն՝ ան տուաւ անտեղիտալի սկզբունքներ, որոնք իր օրով եւ նոյնքան իրմէ ետք դարձան մեր կուսակցութեան նկարագրային հիմնական յատկանիշներ՝ զաւարեանական աւանդները իբրեւ Դաշնակցութեան անգիր, բայց նոյնքան իրական չափանիշներ, իբրեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարական, քաղաքական ու մարտական շէնքը ամրացնող ու գօտեպնդող անսպառ բարոյական հարստութիւն։

Այսօր՝ Սիմոն Զաւարեանի մահէն 112 տարիներ ետք, Հայրենիքի եւ արտերկրի մեր երիտասարդութիւնը քաղաքականացման եւ յեղափոխականացման նոր անկիւնադարձային օրեր կը ապրէ։ Այսօր, աւելի քան երբեք, զաւարեանական այդ աւանդներն ու արժէքները՝ հոգիի եւ խղճի, օրինակելի կեցուածքի եւ կարգապահութեան սրբազան օրինակներ պէտք է ըլլան՝ այո՛, մեր բոլորին համար եւ յատկապէս մեր նորահաս սերունդներուն համար։

Մենք կը հաւատանք, թէ գաղափարական ու բարոյական զաւարեանական չափանիշներն են, որոնք պիտի շարունակեն կազմել մեր ազատագրական անաւարտ պայքարի ամրակուռ պատուանդանը եւ վաղուան ազատ, անկախ, ամբողջականօրէն հայ եւ յաւիտենապէս միացեալ Հայրենիքի փառապանծ յաղթանակի վարդահեղեղ արշալոյսի պսակումին։

Յարգանք՝ Սիմոն Զաւարեանին, յարգանք՝ Քրիստափորին ու Ռոստոմի անմեռ յիշատակին, անոնց ընդմիշտ ճառագայթող պայծառահրաշ էութեան։

Փառք ու պատիւ՝ զաւարեանական հնոցին մէջ մկրտուած հայոց հերոսածին զաւակներուն։

 

Յ. Ճանպազեան
Թորոնթօ

2025