image

«Ազդակ» օրաթերթի 100-ամեակին ընդառաջ՝ համահայկական մամուլի ժառանգութեան գիտական վերարժեւորում մը

«Ազդակ» օրաթերթի  100-ամեակին ընդառաջ՝ համահայկական մամուլի ժառանգութեան գիտական վերարժեւորում մը

Վերջերս աշխատանքային այցելութեամբ Ազգային գրադարան կը գտնուէր թերթին գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանը, որ ծանօթացաւ ընթացող աշխատանքներուն, մասնակցեցաւ քննարկումներու եւ գրադարանին նուիրեց «Ազդակ»ի 2026 թուականի «Բացառիկ» հրատարակութիւնը։

Սփիւռքահայ մամուլը մեր հաւաքական յիշողութեան կենդանի շտեմարանն է, ուր արձանագրուած են ոչ միայն լուրեր, այլ նաեւ սերունդներու մտածողութիւնը, պայքարն ու ինքնութիւնը։ Այդ ժառանգութիւնը պահպանելն ու գիտական արժէքի վերածելը մեր օրերու հրատապ պարտականութիւններէն մին  է։

Հայաստանի ազգային գրադարանը հետեւողական աշխատանք կը տանի սփիւռքահայ մամուլի ուսումնասիրութեան, հանրահռչակման եւ արժեւորման ուղղութեամբ։ Այս նախաձեռնութիւններուն ծիրին մէջ ներկայիս կը շարունակուի Պէյրութ հրատարակուող «Ազդակ» օրաթերթի ամբողջական մատենագիտութեան կազմութիւնը։

Մատենագէտներու կողմէ արդէն իսկ սկսած են համապատասխան աշխատանքները, որոնց նպատակը թերթին հարուստ բովանդակութիւնը համակարգելն ու գիտական շրջանառութեան մէջ դնելն է։ Նախատեսուած է, որ այս ծաւալուն աշխատութիւնը լոյս տեսնէ 2027-ին՝ «Ազդակ»ի 100-ամեակին առիթով՝ դառնալով արժէքաւոր ուղեցոյց մանաւանդ սփիւռքահայ կեանքի, պատմութեան եւ մամուլի ուսումնասիրմամբ զբաղող հետազօտողներուն համար։

Այս նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչուած է Հայաստանի ազգային գրադարանի եւ Ազդակ օրաթերթի խմբագրակազմին միջեւ 2021-ին ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագիրով, որ կը նախատեսէ համագործակցութեան լայն դաշտ՝ համատեղ ծրագիրներէ մինչեւ թուայնացման աշխատանքներ եւ մասնագիտական փորձի փոխանակում։ Արդէն իսկ «Ազդակ»ի ամբողջական թուայնացուած արխիւը կը պահպանուի Ազգային գրադարանին մէջ, ինչ որ կարեւոր քայլ մըն է սփիւռքահայ մամուլի ժառանգութեան պահպանման եւ հասանելիութեան ապահովման առումով։

Վերջերս աշխատանքային այցելութեամբ Ազգային գրադարան կը գտնուէր թերթին գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանը, որ ծանօթացաւ ընթացող աշխատանքներուն, մասնակցեցաւ քննարկումներու եւ գրադարանին նուիրեց «Ազդակ»ի 2026 թուականի «Բացառիկ» հրատարակութիւնը։

1927-էն ի վեր լոյս տեսնող «Ազդակ» օրաթերթը մինչեւ այսօր կը շարունակէ իր անընդհատ գործունէութիւնը՝ հանդիսանալով սփիւռքահայ մամուլի առանցքային հարթակներէն մէկը եւ մեծ դեր խաղալով աշխարհի տարբեր գաղութներուն մէջ հայ գիրի, լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման մէջ։

Օրաթերթը կը հրատարակուի շաբաթը վեց անգամ եւ կ՛անդրադառնայ միջազգային, տարածաշրջանային, լիբանանեան եւ հայաստանեան իրադարձութիւններուն՝ ապահովելով բազմակողմանի լրատուական հոսք։ Ան կը հրատարակուի հայերէնով, ինչ որ զինք կը դարձնէ սփիւռքի մէջ հայոց լեզուի պահպանման եւ տարածման կարեւոր միջոց մը։ Բացի հիմնական թողարկումներէն, «Ազդակ» կը ներկայացնէ նաեւ թեմատիկ յաւելուածներ՝ «Պզտիկ-Մզտիկ», «Անահիտ», «Նաւասարդ», ինչպէս նաեւ ամսական հանդէս եւ տարեկան ամփոփիչ հրատարակութիւններ։