«Կիւլպէնկեան հիմնարկ»էն վերահասու կը դառնանք, թէ օրերս Գալուստ Կիւպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը, համագործակցելով Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանին հետ, ուրախ է յայտարարելու, որ արդ արեւմտահայ գրականութեան հսկաներէն Յակոբ Օշականի տպագիր հիմնական ժառանգութիւնը ամբողջութեամբ հասանելի է առցանց՝ բաց եւ անվճար ձեւաչափով:
Այս համագործակցութիւնը կը միտի քայլ պահելու թուային եւ թեքնաբանական աշխարհին հետ, հաշուի առնելով հասանելիութեան անհրաժեշտութիւնը: Ծրագրին հիմնական նպատակներէն է այս հարստութիւնը եւ հաւաքական ժառանգութիւնը տրամադրելի դարձնել բոլորին՝ անվճար եւ առցանց ձեւաչափով, ապահովելով անոր հասանելիութիւնը եւ մատչելիութիւնը, միեւնոյն ժամանակ նպաստելու անոր պահպանումին, տարածումին եւ եկող սերունդներուն փոխանցումին:
Այս ծրագրին շնորհիւ թուայնացուած է Յակոբ Օշականէն աւելի քան երեսուն գիրք, ներառեալ «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան բոլոր հատորները», «Զուգակշիռ արեւելահայ եւ արեւմտահայ գրականութեանց», «Խոնարհները», «Անգղին կտուցին տակ» եւ աւելին: Բոլոր նիւթերը թուայնացուած են ոչ միայն պատճէնելով, այլեւ թուանշուած ձեւաչափով, որ թոյլ կու տայ գրութեան մէջ փնտռտուքներ կատարել:
Բոլոր նիւթերը հասանելի են Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանին կայքէջէն՝ http://digilib.awa.am/am/ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ/ library/533
Այս ծրագրին եւ այլ նախաձեռնութիւններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել այս կայքէջը http://gulbenkian.pt/armeniancommunities եւ անդամագրուիլ լրատուին: