Հայաշխարհը հարուածող տեսակ- տեսակ դժուարութիւններու եւ հարցումներու ժամանակ հայ փոքրիկներու ծննդեան լուրերը մեզի համար աւելի քան ապաւէն են մեր ժողովուրդին պայծառ եւ յաղթական օր մը հիւսելու իմաստով ու փոքրիկն Կարապետի ծնունդը պէտք է անշուշտ դիտարկել այդ տեսակէտէն։
Երեւանի մեր աղբիւրէն ուրախութիւն պարգեւող լուր ստացանք։
Օրերս լոյս աշխարհ եկած է Սիմոն (Զատիկ) եւ Զեփիռ Համասեաններու երկրորդ զաւակը՝ Կարապետ։
Կը նշուի, որ փոքրիկն Կարապետ եղբայրն է ընտանիքին համար մեծ ուրախութիւն պարգեւած Արփիին, որն արդէն 7 տարեկան է։
Հայրենադարձ ամոլը Երեւան հասած է Մերձաւոր Արեւելքի հայաշունչ գաղութներէն՝ Հալէպէն եւ Պէյրութէն, եւ երիտասարդ ամուսիններ Սիմոնն ու Զեփիւռը աչքի առնելով ամէն տեսակի բարդութիւն վճռած են իրենց օրերը անցընել հայրենի երկնկակամիրի տակ։
Հայաշխարհը հարուածող տեսակ- տեսակ դժուարութիւններու եւ հարցումներու ժամանակ հայ փոքրիկներու ծննդեան լուրերը մեզի համար աւելի քան ապաւէն են մեր ժողովուրդին պայծառ եւ յաղթական օր մը հիւսելու իմաստով ու փոքրիկն Կարապետի ծնունդը պէտք է անշուշտ դիտարկել այդ տեսակէտէն։
Մեր շնորհաւորանքները կը միացնենք երիտասարդ ընտանիքին ու անոնց բոլոր պարագաներուն, ողջոյններ յղելով յատկապէս Զեփիւռի հօր՝ Լիբանանի նուիրեալ դաշնակացականներէն՝ Մարտիկ Չոքաքլեանին։
Լուրը՝ «Արեւելք»ի