image

ՌԱԿ-ի աւանդը՝ նորովի. Արժէքաւոր փաստաթուղթեր եւ հրատարակում

ՌԱԿ-ի աւանդը՝ նորովի. Արժէքաւոր փաստաթուղթեր եւ հրատարակում

Հայկական առաջին կուսակցութիւններէն է Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը (ՌԱԿ)՝ կազմաւորուած 1 հոկտեմբեր 1921 թուականին, Պոլսոյ մէջ, 1885-ին հիմնուած հայ ազգային առաջին կուսակցութեան՝ Արմենական կազմակերպութեան եւ շարք մը միաւորումներու որպէս արդիւնք: Կուսակցութեան մէկդարեայ գործունէութիւնը շատ հարուստ է, սկսած այն աշխատանքներէն, որոնք կուսակցութիւնը տարած է նեցուկ կենալով հայ գաղթականներուն, որբերուն, մինչեւ գաղութներու վերակազմակերպում, աշխատանքներ՝ Խորհրդային Հայաստանի մէջ, միջազգային կազմակերպութիւններու հետ կապերու հաստատում, ինչպէս նաեւ անկախութենէն ետք Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ազգանպաստ աննախադէպ գործունէութիւն, որ կը շարունակուի մինչ օրս:

Ընթացիկ օրերուն Երեւանի մէջ լոյս տեսած է պատմական արժէքաւոր հատոր մը, որ լոյս կը սփռէ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան գործունէութեան 1915-1951-ի շրջանին վրայ: Գիրքը մանրամասնութիւններ կը բացայայտէ նաեւ հայ քաղաքական միտքի պատմութենէն եւ համահայկական նշանակութեան կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն: Մեծածաւալ գիրքը խորագրուած է «Ռամկավար եզատական կուսակցութեան կազմաւորումն ու գործունէութիւնը 1915-1951 թուականներուն. Փաստաթուղթերու ժողովածու»: Հայ քաղաքական կեանքին արտացոլումը կարելի է գտնել այս ժողովածոյին մէջ, որուն նիւթերը Հայաստան բերուած են Եգիպտոսէն: Յայտնի է, որ ՌԱԿ քաղաքական միտքը, անցեալ դարասկիզբի դէպքերէն ետք, փոխադրուած է Եգիպտոս: Կուսակցութեան դէմքերը իրենց հայանպաստ գործը շարունակած են Եգիպտոսի մէջ եւ նիւթերը, որոնք ամփոփուած են այս հատորին մէջ, տասնամեակներ խնամքով պահուած են Եգիպտոսի մէջ: Այսօր, ՌԱԿ-ի որոշմամբ այդ նիւթերը Եգիպտոսէն Հայաստան բերուած եւ նուիրաբերուած են Հայաստանի Ազգային արխիւին, իսկ արխիւը, կարեւոր նկատելով անոնց համահայկական նշանակութիւնը՝ հրատարակած է զայն՝ արխիւի գիտական խորհուրդին որոշմամբ: Գիրքին գլխաւոր խմբագիրն է քաղաքական գիտութիւններու տոթքոր Գրիգոր Արշակեան: Նկարազարդումը իրականացուցած է միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր, հայրենի ճանչցուած գեղանկարիչ Պետօ Պօղոսեան, որ մաշած եւ խունացած պատմական լուսանկարներուն նոր կեանք տուած է եւ զանոնք վերականգնած իր գեղանկարիչի տաղանդով:

Վաւերական նշանակութիւն ունեցող այս գիրքին մեկենասը կուսակցական գործիչ, ազգային բարերար, ամերիկաբնակ Վարդան Նազիրեանն է, որ գիրքի շնորհանդէսին ընթացքին, ՌԱԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան որոշմամբ պարգեւատրուեցաւ «Կուսակցութեան նուիրեալ» ոսկեայ շքանշանով՝ ՌԱԿ-ին մշտապէս աջակցելուն, հայրենիքին եւ Արցախին անմնացորդ սատարելուն համար:

«Ռամկավար ազատական Կուսակցութեան կազմաւորումն ու գործունէութիւնը 1915-1951 թուականներուն» խորագրեալ հատորին շնորհանդէսը կայացաւ «Արմենիա Մարիոթ» պանդոկի «Տիգրան Մեծ» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ՌԱԿ-ի, Հայաստանի եւ սփիւռքի քաղաքական, հասարակական գործիչներու: Նշուեցաւ, որ գիրքը հրապարակուած է կուսակցութեան 100-ամեակին առթիւ, որ լրացաւ անցեալ տարի:

Աւելի քան մէկդարեայ վաւերագիրներուն մէջ ներառուած են հայ դատին, Հայաստանի Ա. հանրապետութեան, Խորհրդային Հայաստանի, Մեծ ներգաղթին եւ հայութեան կեանքին բազմաթիւ կարեւորագոյն դրուագներուն վերաբերող փաստաթուղթեր եւ որոնք պատմաբաններու, լրագրողներու առջեւ ուսումնասիրութիւններու նոր դուռ կը բանան: Այս նուիրաբերութեան եւ հրատարակութեան առթիւ շնորհանդէսին ներկայ պատմաբանները նշեցին, թէ յոյս ունին, որ այս օրինակը վարակիչ կ՚ըլլայ նաեւ այլ հայկական կուսակցութիւններու, կազմակերպութիւններու, կրօնական, մշակութային եւ այլ միութիւններու, որպէսզի արտասահմանի մէջ գտնուող իրենց արխիւներուն եթէ ոչ բնօրինակները, գոնէ պատճէնները փոխադրեն Հայաստան, աւելին՝ անոնք բաց եւ հասանելի դարձնեն ուսումնասիրողներուն:

Շնորհանդէսին ընթացքին անգամ մը եւս ընդգծուեցաւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան հիմնադիրներուն, մտաւորականներուն, պատմական դէմքերուն դերը՝ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ ունեցած կարեւորութեամբ, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ մամուլը (մօտաւորապէս 200-ի հասնող անուն), որուն բազմազան հրատարակութիւնները՝ Պոլիսէն Եգիպտոս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ այլ երկիրներ, կատարած են հայապահպանութեան, ազգապահպանութեան, հայոց մշակոյթի եւ պատմութեան տարածման եզակի դեր՝ միշտ ի նպաստ Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման, Հայաստանեայց Առաքելական Ակեղեցւոյ դերի բարձրացման եւ Հայաստանի բարգաւաճման: Այսօր ալ այդ մամուլը ունի իր արժանի հետեւորդները, որոնք նոր ուժերով եւ նոր ժամանակներու մարտահրաւէրներով կրկին նոյն դերը կը ջանան յառաջ տանիլ:

 

ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐ

Հատորը կազմողներէն է Հայաստանի Ազգային արխիւի գիտահետազօտական աշխատանքներու եւ միջազգային կապերու տնօրէն Քնարիկ Պետրոսեան: Ներկայացնելով հատորը, Քնարիկ Պետրոսեան մանրամասնօրէն պատմեց անոր մէջ ընդգրկուած կարեւոր փաստաթուղթերուն մասին, որոնք ինք ձեռագիր վիճակէն վերծանած եւ յանձնած է հրատարակութեան: Այդ փաստաթուղթերը ՌԱԿ-ի Գահիրէի վարչութեան նիստերու ատենագրութիւններ են, սակայն ատենագրութիւններէն աւելի կարեւորագոյն տեղեկութիւններ կը պարունակեն:

Կը ներկայացնենք մէկ փաստաթուղթ, որու հիմնական նիւթը Ներգաղթն է՝ 1946-1948 թուականներու հայրենադարձութիւնը: Ըստ տեղեկութիւններու, 1947-ին Եգիպտոսէն Խորհրդային Հայաստան ներգաղթած է 3000, իսկ 1948-ին՝ 1500 հոգի: ՌԱԿ-ը, ինչպէս ծանօթ է՝ եղած է ներգաղթը կազմակերպողներէն մէկը, եւ կուսակցութեան Եգիպտոսի շրջանակի այդ տարիներու նիստերու ընթացքին ներգաղթը գլխաւոր օրակարգ եղած է:

 

ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ ԹԻՒ 8

ԽԱՌՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ ՌԱԿ ԳԱՀԻՐԷԻ ՀԵԼԻՈՊՈԼՍՈՅ ԱԿՈՒՄԲՆԵՐՈՒ

3 ՄԱՐՏ 1947

Երկուշաբթի, 3 մարտ 1947 երեկոյեան ժամը 9-ին, Հայ Գեղարուեստասիրաց Միութեան սրահին մէջ, Գահիրէի Ակումբիս անդամները խառն Ընդհանուր ժողով մը ունեցանք Հելիոպոլսոյ Ակումբին ընկերներուն հետ: Ներկայ էին Գահիրէի Ակումբէն 43, Հելիոպոլսոյ Ակումբէն 23 եւ Աղեքսանդրիոյ Ակումբէն 4 անդամներ: Օրակարգն էր հետեւեալը.

1. Կուսակցութեան 25-ամեակի տօնակատարութեան հարց.

2. Ներգաղթի հարց.

3. Շարժական տուներու հարց.

4. Զանազանք.

Խառն ժողով մը ըլլալուն՝ նախորդ նիստի ատենագրութիւնը կը ձգուէր Գահիրէի Ակումբին յաջորդ Անդամական ընդհանուր նիստին: Ժողովը կը վարէր Գահիրէի Ակումբին Ատենապետը՝ ընկեր Յ. Գարանֆելեան: Ատենագրութիւնները կ՚արձանագրէին Գահիրէի Ակումբէն ընկեր Ս. Տէմիրճեան, իսկ Հելիոպոլսոյ Ակումբէն՝ ընկեր Յ. Տէր-Ստեփանեան: Ընկեր Ատենապետի բացման խօսքերէն ետք հրաւիրուեցաւ ընկեր Գ. Եկարեան յառաջիկայ յոբելենական տօնակատարութեան մասին բացատրութիւններ տալու: Ան նախ կոչ ըրաւ, որպէսզի բոլոր ընկերները իրենց ընտանեկան պարագաներով անպատճառ ներկայ գտնուին եւ հրաւիրեց ներկաները ժողովին վերջաւորութեան իրենց հրաւէրները առնելու զոյգ Ակումբներու Վարչութեանց անդամներէն: Ընկեր Եկարեան խօսեցաւ նաեւ յայտագրի բովանդակութեան մասին:

Օրակարգի Բ. խնդիրն էր ներգաղթի շատ կարեւոր հարցը, որուն համար արդէն մասնաւոր նիստ մը գումարելու համար նախորդ ժողովին փափաք յայտնուած էր: Ա. խօսողը եղաւ ընկեր Ս. Թիւրապեան, որ ըսաւ, թէ կուսակցութեանս անդամներուն 80/100 արձանագրուած ըլալով անոնց համար ի՞նչ կ՚ընենք, կը պատրաստուի՞նք: Ընկեր Գարայեան խօսք առնելով ըսաւ, որ թեմական համագումարը իր վերջին նիստին մէջ հանգանակիչ յանձնախումբ մը կազմեց, յետոյ Աղքատախնամը վիճակագրութիւն մը կը կազմէ, թէ որքա՞ն չքաւոր ընտանիք կայ եւ ի՞նչ բաներու պէտք կրնան ունենալ: Ընկեր Գարայեան աւելցուց, որ նոյնիսկ անոնց համար Աղքատախնամին կողմէ գնումներ ալ եղած են: Ընկեր Թիւրապեան յայտնեց, որ աղքատներու համար կը մտածուի, հարուստներն ալ իրենց համար կրնան մտածել, ամենէն դժբախտները միջակ դասակարգի պատկանողներն են, որոնք օրը օրին կ՚ապրուին, առանց մէկու մը կարօտ ըլլալու, սակայն ներգաղթի պատճառաւ նեղութեան մատնուած են, չեն կրնար, միջոցները չունին հայրենադարձի համար պատրաստուելու: Ընկեր Սահակ յայտնեց, որ եթէ կարելի ըլլար բանակի գնումներ կատարել եւ զանոնք առանց շահագործումի վերոյիշեալներուն ծախել, լաւ գործ մը պիտի ըլար: Ըսուեցաւ, որ Հայաստանէն որոշ հրահանգ մը եկած չըլլալուն Ներգաղթի Կեդրոնական կոմիտէն դժուար կացութեան մատնուած է: Ընկեր Գ. Եկարեան հարցուց, թէ ինչո՞ւ Վեհափառ Հայրապետին Կոնդակը ուշ հրապարակուեցա: Ընկեր Գարայեան պատասխանեց ըսելով, որ նախ ան ուշ հասած է, յետոյ քաղաքական ժողովը քիչ մը ուշ տարած է թեմական ժողովին, թէեւ թեմականի կողմէ Կոնդակին հրապարակումէն մէկ ամիս առաջ «Արեւ»ի միջոցով անոր մասին տեղեկացանք: Ընկեր Գարայեան հաւաստիացուց, որ յապաղումին մէջ որեւէ յետին միտք մը չկար:

Ընկեր Յ. Արամեան կարճ զեկոյց մը ըրաւ ներկայ ընդհանուր կացութեան մասին, յայտնեց, թէ նախապէս ծանուցուած են, որ այս տարի ներգաղթը մասնակի պիտի ըլլայ եւ ասիկա վերջերս Հայաստանէն ներգաղթի Կեդրոնական կոմիտէէն եկած նամակէ մը յայտնի կ՚ըլլար: Ընկեր Յ. Արամեան թելադրեց մեկնելու անմիջականութեան մէջ գտնուող ընկերներու, որպէսզի արձանագրուին Վարչութեանց մօտ՝ ի հարկին զանոնք առաջ ղրկելու համար:

Ընկեր Բօնշօն ցաւ յայտնեց, որ Ներգաղթի կոմիտէի անդամ երկու անձեր տարբեր բաներ կը յայտարարեն. մին (ընկեր Յ. Արամեան) կ՚ըսէ, թէ ներգաղթը մասնակի պիտի ըլլայ, իսկ միւսը (Խ. Յովհաննէսեան) կ՚ըսէ, թէ ներգաղթը այս տարի զանգուածային պիտի ըլլայ, ինչ որ տգեղ երեւույթ մըն է: Խօսուեցաւ նաեւ նորակազմ «Ներգաղթողներու Միութեան» եւ ասոր ապագային խաչաձեւումներով բերելիք չարիքին մասին: Թելադրուեցաւ ծագելիք չարիքին առաջքը առնել: Ընկեր Գարայեան ըսաւ, թէ Շրջանայինը աչալուրջ է եւ պէտք եղածը պիտի ընէ, արդէն հանդիպում մըն ալ ունեցած ենք Ներգաղթողներու Միութեան լիտէրներուն հետ, հաւանաբար հասկացողութեան մը գանք, որպէսզի անոնք մնան Ներգաղթի կոմիտէի օժանդակ մարմինի մը ձեւին տակ օգնելու համար ներգաղթողներու:

Ընկեր Է. Բաբազեան ըսաւ, որ շատ փափուկ խնդիր է ներգաղթը, անով խիստ խանդավառուելէ ետք նոր լուրին առթիւ պէտք չէ մէկէնիմէկ յուսալքուինք, ընդհակառակը պէտք է զուսպ ըլլանք, այս կուսակցութեանս անդամի մը վայել: Ներգաղթի համար կազմակերպուած աշխատանք տանելու է, խառնակիչները պէտք է չէզոքացնել իսկ աղտոտ աշխատանք տանողները պատժել: Պէտք է գործնական առաջարկներ ընել, եթէ քիչ մարդ տանիլը գէշ ազդեցութիւն պիտի գործէ, կրնանք օրինակի համար փափաք յայտնել առ որ անկ է, որպէսզի եթէ կարելի է որոշուած թիւին կրկինը տարուի: Ընկեր Գարայեան ալ ըսաւ, թէ նոր լուրին առթիւ մեր հակառակորդները լեզուի պիտի ելլեն, հետեւաբար աշխատանքով պէտք է հակազդել, յայտարարենք որ Հայաստանի կառավարութիւնը հրաշք կը կատարէ, երբ անցեալ տարի 53 հազար հոգի ներս առաւ եւ այս տարի ալ 70 հազար ներս պիտի առնէ: Նոր աշխատանք պէտք է տանիլ մեծ կորովով, ապա թէ ոչ Եգիպտոսի մէջ ներգաղթը մեծ հարուած մը կը ստանայ:

Օրակարգի Գ. խնդիրն էր շարժական տուներու հարցը: Հրաւիրուեցաւ ընկեր Գ. Եկարեան բացատրութիւններ տալու անոնց մասին, տրուած ըլալով որ ինքն է անոնցմով զբաղողը եւ շուէտական եւ նորվեկիական ընկերութիւններու հետ շփման մէջ եղողը:

Ընկեր Գուրգէն յայտնեց, թէ ինչպէս ըսինք Շուէտա-Նորվեկիային մէջ այս տուներէն կը շինեն, ըսաւ թէ իւրաքանչիւրը տարեկան քանի հատ կը խոստանայ, քանի կ՚արժեն, այս տուներէն ունենալու օգուտները եւ այլն եւ այլն: Ընկեր Գուրգէն հետը ժողովին բերած էր այդ տուներու պատկերներ եւ յատակագիծեր, որոնց մասին բացատրութիւններ տուաւ եւ զանոնք ներկաներուն ցուցուց:

Ընկեր Յ. Արամեան առաջարկեց եւ ժողովը հաւանեցաւ գնահատանք արձանագրել ընկեր Ալ. Սարուխանի 1 մարտի Ազգային խորհուրդի հանդէսին բերած կարեւոր մասնակցութեան համար, եւ ընկեր Գ. Եկարեանի շարժական տուներ ունենալու թափած ճիգին համար: Ժողովը փակուեցաւ կուսակցութեանս քալերգով երեկոյեան ժամը 11-ին:

Ատենադպիր՝ Ս. Տէմիրճեան
Ատենապետ՝ Յ. Գարանֆելեան

 

«ԼԱՒԱՏԵՍ ԵՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՊԱԳԱՅԻ ԱՌՈՒՄՈՎ»

Ազգային, հասարակական գործիչ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ բարերար, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարձր պարգեւի՝ «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի»ի շքանշանակիր Վարդան Նազիրեան նշեց, որ երբ իրեն ներկայացուած է նման գիրք մը հովանաւորելու գաղափարը, ինք համաձայնած է, նկատի ունենալով փաստաթուղթերուն թէ՛ պատմական, թէ՛ արդիական նշանակութիւնը. «Այս հրատարակութեան բուն նպատակն է արխիւները լոյսի տակ դնելով սերտել եւ արխիւներէն կարեւորագոյն դասեր քաղել: Գիտենք, որ պատմութիւնը կը կրկնուի, մեր կուսակցութեան պատմութիւնն ալ կը կրկնուի: Այսօր բաժնուած վիճակի մէջ է մեր կուսակցութիւնը. յուսամ այս գիրքը, այս փաստաթուղթերը սերտելով մեր կուսակցականները ամէն ինչ կ՚ընեն՝ առաջ նայելու եւ կուսակցութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ:

«Այսօր մեր ազգին առջեւ անվտանգութեան խնդիրներ կան եւ մեր կուսակցութիւնը այս վիճակին մէջ ի զօրու չէ նպաստելու այդ հարցերուն, բայց յուսանք, մի քանի տարուան ընթացքին կը վերակազմաւորուինք հայրենիքի մէջ, սփիւռքը իր աշխատանքը կը կատարէ, հայրենիքի կառոյցն ալ իր աշխատանքը կը կատարէ եւ այդպէս կը զօրանանք: Առանց պայքարի չկայ յաջողութիւն, պայքարինք եւ հայրենիքի ապագան միշտ լաւատեսութեամբ տեսնենք: Ես լաւատես եմ Հայաստանի ապագային առումով», մեզի ըսաւ Վարդան Նազիրեան, որ հոկտեմբերի սկզբին Ստեփանակերտի մէջ, Արցախի նախագահի կողմէ պարգեւատրուեցաւ նաեւ «Վաչագան Բարեպաշտ» շքանշանով:

 

Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/Պոլիս