Եգիպտական «Al-Shorouk» թերթի հաղորդմամբ՝ Պաղեստինի ազգային ինքնավարութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասը պիտի մասնակցի Եգիպտոսի Շարմ ալ-Շէյխ քաղաքին մէջ կայանալիք խաղաղութեան գագաթնաժողովին, ուր տեղի պիտի ունենայ Կազայի հատուածի վերաբերեալ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման արարողութիւնը։
Իսրայէլը եւ «Համաս»-ը պիտի չմասնակցին ստորագրման գործընթացին։ Ընդ որում՝ գագաթնաժողովի օրն առաւօտեան խմբաւորումը սկսած է ազատ արձակել իսրայէլցի պատանդները։