image

Սէյրան Օհանեանին դէմ մեղադրանք

Սէյրան Օհանեանին դէմ մեղադրանք

Պաշտպանութեան նախկին նախարար, «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեանին մեղադրանք ներկայացուցած է: Այս մասին տեղեկութիւնը յայտնած են ՀՀ գլխաւոր դատախազութենէն:

Յիշեցնենք, որ Սէյրան Օհանեան կը մեղադրուի պաշտօնէական դիրքը oգտագործելով՝ առանձնապէս խոշոր չափերով վատնում կատարելու մէջ (2 դրուագ), ինչպէս նաեւ անձնական այլ շահագրգռուածութենէ եւ խմբային շահերէ ելլելով` իր պաշտօնէական դիրքը ծառայութեան շահերուն հակառակ օգտագործելու մէջ, որ անզգուշութեամբ առաջացուցած է ծանր հետեւանքներ (2 դրուագ)։

Սէյրան Օհանեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու համաձայնութիւն Ազգային ժողովը տուած է 8 փետրուարին՝ գլխաւոր դատախազի ներկայացուցած միջնորդութիւններու հիման վրայ: