image

Սէյրան Օհանեանի դէմ դատաճիռ, սակայն առանց պատիժի

Սէյրան Օհանեանի դէմ դատաճիռ, սակայն առանց պատիժի

Ազգային ժողովէն ներս գլխաւոր դատախազ Աննա Վարդապետեան ներկայացուցած է ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելուն համաձայնութիւն տալու մասին միջնորդագիրը։ Այն կը վերաբերի պաշտպանութեան նախարարութեան զօրամասերէն մէկու օտարման գործարքին։ 

Երեք վարոյթի առնչուող միջնորդագրեր կան, որոնցմէ մէկը քննարկուած է գաղտնի։

Միջնորդագիրը ներկայացնելու ժամանակ հիմնական զեկուցող Աննա Վարդապետեանին հարց ուղղեց «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Գուրգէն Արսէնեանը, թէ անմիջապէս ինչ գործընթաց կը հետեւի դատարանի կողմէ կայացած դառավճռին, եթէ գործի վաղեմութեան ժամկէտն անցած է։

«Տեղի ունեցաւ քննութիւն, գործը գնաց դատարան, դատարանը տուեց իր դատավճիռը, որով ենթադրենք կայ ազատազրկման դատավճիռ, վաղեմութեան ժամկէտը ազդո՞ւմ է ազատազրկումը կրելու կամ չկրելու վրայ»,- հարցուց պատգամաւորը։

Արձագանգելով՝ Աննա Վարապետեանը ըսաւ․ «Այո, ազդում է, պատիժ չի նշանակւում այդ դէպքում, վերդիկտ կայացւում է, պատիժ չի նշանակւում, Քրէական դատավարութեան օրէնսգիքը դա յստակ ասում է»։

Նշենք, որ Սէյրան Օհանենա չէ համաձայնած վաղեմութեան ժամկէտի հիմքով իր նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդում չյարուցելուն։