image

Սէուտցիները կրնան Սէուտական Արաբիոյ մէջ պաղեստինեան պետութիւն ստեղծել, անոնք շատ հողեր ունին. Նաթանիահու

Սէուտցիները կրնան Սէուտական Արաբիոյ մէջ պաղեստինեան պետութիւն ստեղծել, անոնք շատ հողեր ունին. Նաթանիահու

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն յայտարարած է, որ Սէուտական Արաբիան բաւականաչափ հողեր ունի՝ պաղեստինցիներու համար պետութիւն ստեղծելու համար: Այս մասին գրած է jpost.com-ը:

«Սէուտցիները կրնան Սէուտական Արաբիոյ մէջ պաղեստինեան պետութիւն ստեղծել, անոնք շատ հողեր ունին»,-ըսած է ան։

Երբ անոր հարցուցած են Պաղեստին պետութեան ստեղծումը որպէս բնականոնացման պայման դիտարկելու մասին, Նաթանիահուն ըսած է, որ «չի կնքեր այնպիսի համաձայնութիւն, որ կը վտանգէ Իսրայէլ պետութիւնը»: