Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն յայտարարած է, որ Սէուտական Արաբիան բաւականաչափ հողեր ունի՝ պաղեստինցիներու համար պետութիւն ստեղծելու համար: Այս մասին գրած է jpost.com-ը:
«Սէուտցիները կրնան Սէուտական Արաբիոյ մէջ պաղեստինեան պետութիւն ստեղծել, անոնք շատ հողեր ունին»,-ըսած է ան։
Երբ անոր հարցուցած են Պաղեստին պետութեան ստեղծումը որպէս բնականոնացման պայման դիտարկելու մասին, Նաթանիահուն ըսած է, որ «չի կնքեր այնպիսի համաձայնութիւն, որ կը վտանգէ Իսրայէլ պետութիւնը»: